Փորձ-Հարցարան. Ձեր Նուէրները Կը Խօսին Ձեր Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

Ձեր մտերիմ ընկերուհիին Կաղանդի առիթով կը նուիրէք.

ա.- «Այփէտ» մը:
բ.- Ձեր շատ հաւնած մէկ գիրքը:
գ.- Տուփ մը տուրմ:

2

Ձեր հակակրելի մէկ ազգականին Կաղանդի առիթով կը նուիրէք.

ա.- Կաղանդի գեղօր մը, որուն վրայ բարեմաղթութիւն մը արձանագրուած է:
բ.- Ձեր սիրած մէկ խտասալիկը` թող ինք ալ լսէ ու գնահատէ…

3

Ձեր տօնածառը`

ա.- Շատ հսկայ է, թող տպաւորիչ եւ հիւրընկալ ըլլայ:
բ.- Յարդարուած է տունը պատրաստուած ձեռային աշխատանքներով:
գ.- Տօնածառ չէք յարդարած:

4

Ձեր ամէնէն ուրախ պահը կ՛ըլլայ`

ա.- Երբ վերջապէս կը գտնէք իւրաքանչիւր անձի յարմար նուէրը:
բ.- Երբ նուէրներու ծրարները կը բացուին եւ բոլորը ուրախ կը բացագանչեն:
գ.- Կենացներ խմելու եւ բաժակաճառեր արտասանելու պահը:

5

Նուէրին ծրարը`

ա.- Կը բացայայտէ ձեր ստեղծագործ ճաշակը:
բ.- Երկրորդական է, կարեւորը մէջինն է:
գ.- Ուշադիր կ՛ըլլաք առաւելաբար նուէրին եւ ծրարին ընկերակցող երկտողին:

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ձեր նուէրները կը բացայայտեն ձեր երախտագիտութիւնը տուեալ անձին նկատմամբ: Նաեւ կը փորձէք սիրուիլ` ձեր նուիրած նուէրին ճամբով: Հաճոյք պատճառելու համար ոչինչ կը կասեցնէ ձեզ. ո՛չ նուէրին գինը, ոչ ալ զայն գտնելու յոգնութիւնը:
Միակ հարցը այն է, որ երբեմն ձեր նուէրները այնքան թանկագին են, որ նեղ կացութեան կը  մատնեն ստացողը:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, ձեր նուէրները կը խօսին ձեր սիրոյ, գուրգուրանքին եւ համակրանքին մասին, զորս կը փոխանցէք զայն ստացողին եւ բացողին:
Լաւ դիտող եւ դատող էք, հետեւաբար ձեր նուէրները հաճոյք կը պատճառեն բոլորին, բայց առաջին հերթին` ձեզի:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կը մեկնիք այն սկզբունքէն, թէ` ինչ որ ձեզի հաճոյք կը պատճառէ, պէտք է ուրախացնէ նաեւ դիմացինը: Հետեւաբար ձեր նուէրներուն ճամբով կը փորձէք փոխանցել այն, ինչ որ ձեզ յուզած, հետաքրքրած կամ զարմացուցած է: Բայց ուշադի՛ր, ձեր նուէրները միշտ ալ ձեր ակնկալութիւններուն չեն համապատասխաներ:

 

Տան Յարդարանք

Վերջին Վայրկեանի
Յարդարանքներ

Ա. Սեղանի անձեռոցիկի յարդարանք
Առնել lierre-ի երկար ցօղուն մը, փաթթել ծալուած անձեռոցիկին շուրջ, ապա ոսկեգոյն մատիտով տերեւին վրայ արձանագրել հրաւիրեալներուն անունը կամ` բարեմաղթութիւն մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գ.- Բուրդի կծիկներով ձիւնէմարդեր
Առէք տարբեր չափի 9 ճերմակ բուրդի կծիկներ, մեծէն փոքր երեք-երեք շարեցէք եւ «կլու կան»-ով հաստատեցէք: Իւրաքանչիւրին վրայ փակցուցէք կոճակներ. մէկուն գլխուն զետեղեցէք գլխարկ մը, միւսին վիզին կապեցէք վզկապ մը եւ ահա կը ստանաք սիրուն ձիւնէմարդեր:

 

Բ.- Հացէ մոմակալ
Նոր տարուան սեղանին վրայ կ՛ուզէ՞ք անպայման մոմակալ մը զետեղել եւ տրամադիր չէ՞ք նոր մը գնելու… Առէք ֆրանսական խոշոր հաց մը, մոմերը մխրճեցէք մէջը եւ ահա կ՛ունենաք իւրայատուկ մոմակալ մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ի՞նչ Նուիրել Սիրելիներուն 

Նոյնիսկ փոքրիկ նուէր մը կրնայ ուրախացնել մեր սիրելիները, բայց անիկա պէտք է նախապէս լաւ մտածած ըլլաք այդ մասին: Նուէրի ընտրութեան հարցով կողմնորոշուելու համար հաւանաբար աւելի դիւրին կ՛ըլլայ գիտնալ, թէ մարդիկ սովորաբար ի՞նչ նուէր չեն սիրեր ստանալ:

Տղամարդիկը չեն ուրախանար, երբ նուէր կը ստանան գուլպաներ, ներքնազգեստներ, ծանր բոյրով անուշահոտեր, տնազգեստներ, փողկապներ եւ մուճակներ:

Կիները չեն փափաքիր նուէր ստանալ խոհանոցի իրեր (տապակ, բաժակ, գոգնոց եւ այլն…), սաւանեղէն, օճառի հաւաքածոյ: Անոնք նոյնպէս չեն սիրեր կեղծ զարդեղէններ (ֆօ պիժու), դէմքի սերեր, շրթներկ եւ այլն… կիները կը տխրին եթէ նուէր ստանան գուլպաներ, ներքնազգեստներ, ծաւալուն գեղօրներ եւ բոյսեր:

Երեխաներուն չեն ուրախացներ գրենական պիտոյքները, քանի որ անոնք համոզուած են, որ տետրակներ, գրիչներ պէտք է գնուին ոչ տօնական օրերուն, այլ` դպրոցական վերամուտին: Երեխաները նաեւ չեն ուրախանար այնպիսի նուէրներով, որոնք չեն օգտագործուիր, այլ դատապարտուած են դարաններու կամ պատերու վրայ ցուցադրուելու` որպէս յուշանուէր կամ գեղօր:

Պատանիներն ու պարմանուհիները կը զայրանան, երբ իրենց նուիրեն մանկական խաղալիքներ: Բացառութիւն են «փըլիւշ» խաղալիքները: Անոնք նաեւ չեն սիրեր նուէր ստանալ մուճակներ, զգեստներ, հանրագիտարաններ, բառարաններ եւ այլ «խելացի» գիրքեր…

Այս եզրակացութեան յանգած է 200 երեխայի հետ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքը:

 

Տօնական Ոչ Աւանդական
Ուտելիքներ

Ա.- Խմորաթելով քարիտէզ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 800 կրամ քարիտէզ (քրէօվեթ)
– 1 կիտրոն
– 1 պճեղ սխտոր
– 3 կաթիլ թապասքօ թացան
– 1 պզտիկ սոխ
– Պտղունց մը փոշի գինձ
– 2 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
– Աղ, սեւ համեմ
– 1 ծրար խմորաթել (ղատաիֆ)

Պատրաստութիւն

Քարիտէզները մաքրել, միայն պոչին բաժինի պատեանը ձգել:

Ամանի մը մէջ խառնել կիտրոնի հիւթը, ճզմուած սխտորը, մանրուած սոխը, թապասքոն, փոշի գինձը, ձիթաիւղը, աղն ու պղպեղը:

Մաքրուած քարիտէզները աւելցնել վերոյիշեալ թացանին եւ լաւ մը խառնել, ապա սառնարանը պահել շուրջ 2 ժամ:

Առնել կտոր մը խմորաթել, փաթթել քարիտէզին եւ առանձին-առանձին տապկել տաք ձէթի մէջ, ապա փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ:

Տապկուած քարիտէզին կողքին կարելի է պատրաստել հետեւեալ թացանը. փոքրիկ ամանի մը մէջ մանր կտրտել միջակ չափի մանկա մը, աւելցնել թարմ գինձի քանի մը տերեւ, կէս թէյի դգալ քերոցէ անցած թարմ կոճապղպեղ, կիտրոնի հիւթը եւ մանր մանրուած պզտիկ լոլիկ մը:

Բ.- Խորոված անանաս` վանիյով

Չորս անձի համար անհրաժեշտ են

– 2 անանաս (վիքթորիա տեսակը)
– 125 կրամ շաքար
– 5 սլ. ճերմակ «ռոմ» խմիչք
– 6 վանիյի ցպիկ
– Կէս թէյի դգալ տաշուած կոճապղպեղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ տապակի մը մէջ տաքցնել շաքարը` 1 ապուրի դգալ ջուրի հետ` շէկ քարամէլ մը ստանալու համար:

Մեծ զգուշութեամբ եւ տապակէն հեռու մնալով` աւելցնել 20 սլ. ջուր եւ անմիջապէս կափարիչը գոցել:

Թեթեւ կրակի վրայ աւելցնել ռոմը, ճեղքուած, ապա կտրտուած 2 ցպիկ վանիյը եւ կոճապղպեղը: Սպասել, որ եռայ, ապա մէկ ժամ անցնելէ ետք քամոցէ անցընել:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճան տաքութեամբ: Անանասները կեղուել, խորովածի շամփուրով իւրաքանչիւրը չորս տեղէ ծակծկել եւ վանիյի մնացեալ ցպիկները անանասներուն մէջ խռել:

Անանասները պառկեցնել ափսէի մը մէջ, վրան թափել թացանը եւ 45 վայրկեան եփել փուռին մէջ` մերթ ընդ մերթ անոնց դիրքը փոխելով եւ թացանով պատելով:

Հրամցնել տաք կամ գաղջ, նախընտրաբար վանիյով պաղպաղակի կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղանդի Ծառ Մը

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը – յետոյ զարդեր ծառին վրայ

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
– Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ – ոչ ծառ ոչ ալ զարդ –
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ

Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք

ԶԱՀՐԱՏ

Share this Article
CATEGORIES