Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

ՀՅԴ 122-ամեակի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին,  9 դեկտեմբերին Ֆիքսի ակումբին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 122-ամեակը:

Օրուան հանդիսավարն էր` Յակոբ Պետոյեան: Բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա Պերճ Գույումճեան, Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Շահան Ֆարաճեան խօսք առնելով` անդրադարձան ՀՅԴ-ի գործին ու կտրած ճամբուն:

Պերճ Գույումճեան, հին յուշեր պատմելով,  ներկայացուց այն դժուար պայմանները, որոնց մէջ 50 եւ աւելի տարիներ առաջ դաշնակցականի կամքով ու որոշումով հիմնադրուեցաւ Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը եւ ակումբը: Միհրան Քիւրտօղլեան ներկայացուց ՀՅԴ-ի անցեալ ու ներկայ գործունէութեան կարեւոր հանգրուանները: Շահան Ֆարաճեան օրինակներ տալով, շեշտեց ակումբներու եւ ժողովներու կարեւորութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, որ հաստատեց, թէ ՀՅԴ իր գործունէութիւնը ծաւալած է հինգ ցամաքամասերու վրայ, հոն, ուր հայ կայ,  սրբութեան պէս պահած է եռագոյնն ու անոր պարփակած խորհուրդները` այն ժամանակներուն, երբ ուրիշներ կը մերժէին զանոնք:

Իրաք

Շքանշանի Տուչութիւն

Նոյեմբեր 30-ին առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն, որուն ընթացքին Նուպար Բշտիկեան եւ Վահագն Մեսրոպեան արժանացան հայրապետական մեծարժէք շքանշանի:

Կեդրոնական վարչութեան անունով Մելքոն Մելքոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Վարչութեան ատենապետ` Պարոյր Յակոբեան ներկայացուց պարգեւատրեալներ` Նուպար Բշտիկեանի եւ Վահագն Մեսրոպեանի գործունէութիւնը, ապա կարդացուեցաւ ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին շնորհած սրբատառ կոնդակները, որմէ ետք «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանները յանձնուեցան մեծարեալներուն:

Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան խօսք առնելով` շեշտը դրաւ ազգին ու եկեղեցիին ծառայելու գաղափարին վրայ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցան մեծարեալները:

 

Սպանիա

«Արարատի Որդիները »

 

Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը 8 դեկտեմբեր 2012-ին գեղարուեստական յայտագիրով մը իր տարեկան աշխատանքը ներկայացուց քաղաքի հայ եւ օտար հանրութեան: Ձեռնարկին խորագիրն էր` «Արարատի որդիները»:

Միութեան հովանաւորութեամբ գործող միօրեայ դպրոցը, «Հայորդիք» պարի համոյթը եւ Հայկական ժողովրդական երաժշտական գործիքներու դպրոցի սաները իրենց մէկ տարուայ աշխատանքը ներկայացուցին բոլորին:

Հանդիսութեան սկսաւ Քաթալոնիայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, իսկ բացման խօսքը կատարեց միութեան նախագահ Սեւատա Սահակեան, որ բարի գալուստով ողջունեց բոլորին ու շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց մասնակցութեամբ եկած են քաջալերելու միութեան  աշխատանքները` նեցուկ կանգնելով տարբեր ծրագիրներու:

Սրահի մուտքին զետեղուած էին միօրեայ դպրոցի աշակերտներու նկարչական աշխատանքներն ու շարադրութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէին պարային տարբեր ներկայացումներ, երգեր ու արտասանութիւններ եւ երաժշտական տարբեր կտորներ:

Միութեան ընդհանուր աշխատանքը յատուկ տեսերիզներով կը ցուցադրուէին բոլոր ներկաներուն:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Քայլենք միասին» երգով: Ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր մասնակիցներուն ու միութեան անդամներուն:

 

Ս. Փեթերսպուրկ

Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու
Յիշատակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Դեկտեմբերի 7-ին Ս. Փեթերսպուրկի Ս. Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նուիրուած Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Պատարագներ մատուցուեցան նաեւ շրջանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ:

Աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքար-յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Սպիտակի երկրաշարժի 24-րդ տարելիցին: Խօսք առին Ս. Փեթերսպուրկի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան եւ Ս. Կատարինէ  եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ս. քհնյ. Չոփուրեան:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի երիտասարդական սիմֆոնիկ նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Միհրան Աղաճանեանի, որ մեկնաբանեց հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն:

 

Չինաստան

Շարլ Ազնաւուր Փեքինի Մէջ

Դեկտեմբեր 13-ին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայազգի մեծանուն երգիչ Շարլ Ազնաւուրին հանդիպումը Փեքին հաստատուած հայութեան հետ:

Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան Ազնաւուրին տեղեկութիւններ փոխանցեց Փեքինի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայ համայնքին մասին:

Ազնաւուր ներկայացուց իր կեանքէն որոշ դրուագներ եւ պատմեց անուանի մարդոց հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին: Շեշտելով հայապահպանման խնդիրները, ան յորդորեց երիտասարդները` երբեք չկտրուիլ իրենց արմատներէն:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հելին Զինտարզեանի «Ճանապարհ»
Խտասալիկին
Ներկայացումը

Վերջերս Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հելին Զինտարզեանի «Ճանապարհ» խտասալիկին ներկայացումը, որուն ընթացքին յայտնի սոփրանոն ներկայացուց շարականներ եւ աղօթքներ:

Ծուխի հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ յայտնեց, թէ խտասալիկին մէջ ներառուած «Հայ Մեր»-ը կատարուած է Աննիկ Զինտարզեանի նոր մշակումով:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հելին Զինտարզեան:

Հոգեհանգիստ Եւ Մեծարանքի Ձեռնարկ`
Նուիրուած Կլենտէյլի ՀՅԴ «Ահարոնեան»
Կոմիտէութեան
Հանգուցեալ Ընկերներուն

ՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէն, վերջին տարիներու սովորութեան համաձայն, 2 դեկտեմբերին կազմակերպեց հոգեհանգիստ եւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած կոմիտէութենէն վերջնականօրէն հրաժեշտ առած ընկերներու յիշատակին:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց մեծարանքի հանդիսութիւն` «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ:

Կոմիտէին անունով Միգանուշ Մելքոնեան յայտարարեց, որ հարկ է այս առիթը օգտագործել մեր հանգուցեալ ընկերներուն եւ իրենց կատարած գործին ծանօթանալու համար:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց «Ահարոնեան» կոմիտէութեան երիցագոյն ընկեր Ներսէս Տէր Յարութիւնեանի որդի տոքթ. Արմէն Տէր Յարութիւնեանը, որ անդրադարձաւ իր հօր կուսակցական կեանքին ու գործունէութեան: Ան հաստատեց, որ իրենք միշտ կը հետեւին իրենց հօր տուած պատգամին, որն է` միշտ հաւատարիմ մնալ Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատամքին եւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն:

Յայտագրի աւարտին  «Ահարոնեան» կոմիտէին անունով Վահէ Պօզոյեան յայտնեց, որ այս ձեռնարկը նոյն բովանդակութեամբ պէտք է շարունակուի եւ իւրաքանչիւր տարի պէտք է ներկայացուին մեր ընկերներէն ոմանք:

Արցախի Անկախութեան
21-
ամեակի Նշում

Դեկտեմբեր 5-ին «Քեփիթըլ հիլ»-ի «Ռասըլ» սրահին մէջ նշուեցաւ Արցախի հանրապետութեան 21-ամեակը:

Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան կատարեց հանդիսութեան բացումը: Ապա խօսք առաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ Ազրպէյճանի կատարած հետեւողական ոտնձգութիւններուն` կարելի պիտի չըլլայ Արցախի անկախութիւնը խախտել: Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան փոխանցեց օրուան պատգամը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կատարած հետեւողական օժանդակութիւններուն համար եւ եզրակացուց, որ արցախցին երախտապարտ պիտի մնայ եւ երբեք պիտի չմոռնայ:

Ներկայ էր Պաքուի ջարդերէն ճողոպրած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, որ վերջերս լոյս ընծայած է իր յուշերը` «Աքսորի պատմութիւն մը»: Ան պատմեց, թէ ի՛նչ ահաւոր պայմաններու տակ ստիպուած եղած էր հեռանալու իր ծննդավայր Պաքուէն:

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, որ շեշտեց Հայաստանի եւ Արցախի կարեւորութիւնը` Կովկասի մէջ:

Այս առիթով դեսպան Մարգարեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանով պատուեց քոնկրեսականներ Աննա իշուն (դեմոկրատական, Քալիֆորնիա) եւ Պրետ Շերմընր (դեմոկրատական, Քալիֆորնիա): Անոնց յատուկ շքանշաններ յանձնեց նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան, իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Արցախի անկախութեան 21-ամեակը եւ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի կրկնապատկէ իր օժանդակութիւնը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի:

ՄԱԿ–ին` Հայաստանի Անդամակցութեան
20-
ամեակին Նուիրուած Դասական Համերգ

Կազմակերպութեամբ Պոսթընի հայ համայնքին, 9 դեկտեմբերին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ` նուիրուած ՄԱԿ-ի` ՀՀ  անդամակցութեան 20-ամեայ յոբելեանին:

Համերգին ելոյթ ունեցան Պոսթընի օփերայի, սիմֆոնիք նուագախումբի եւ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերայի մեներգիչները,  «Երեւան» երգչախումբը եւ նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Կոնստանդին Պետրոսեանի, որոնք մեկնաբանեցին հայ, ամերիկացի  եւ եւրոպացի հանրայայտ  հեղինակներու ստեղծագործութիւնները:

Համերգի աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանը, որ ընդգծեց, թէ երկրի  անկախութեան ամրապնդման ճանապարհի կարեւոր հանգրուաններէն էր  անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին, 1992-ին: Ան նաեւ արժեւորեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան  զարգացման մէջ սփիւռքին դերակատարութիւնը:

«Շամլեան» Աւելի Քան 28,000 Տոլար
Կը Հանգանակէ Սուրիահայութեան Համար

«Շամլեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, ընդառաջելով սուիրահայութեան օգնութեան կոչին, ամիսներէ ի վեր լծուած են աշխատանքի` անհրաժեշտ նպաստը հասցնելու համար իրենց աղէտեալ քոյր-եղբայրներուն:

Կարկանդակի եւ պաղպաղակի վաճառքին յաջորդեց վիճակահանութիւն, աշակերտական հանգանակութիւն, իսկ նոյեմբեր 4-ի Մշակոյթի օրուան հանդիսութիւններէն գոյացած եկամուտը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ նոյն նպատակին:

«Շամլեան» հանդիսացաւ առաջին վարժարանը, որ 10,000 տոլարով հովանաւորեց նոյեմբեր 11-ի երգահանդէսը: Ապա վարժարանը SARF-ին փոխանցեց 15,000 տոլարի գումար մը, եւ վերջապէս նոյեմբեր 22-ի համահայկական թելեթոնին մասնակցեցաւ 3458,46 տոլար գումարով մը, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի սուրիահայութեան: Այսպիսով, վարժարանը այս նպատակին համար ցարդ գոյացուցած է 28,458,56 տոլար:

«Աշխատանքը կը շարունակուի», յայտարարեց վարժարանի Հայկական ակումբի պատասխանատու Անի Պէրպէրեանը:

 

Ուրուկուէյ

Ուրուկուէյ – Հայաստան Առեւտրա–
Արդիւնաբերական
Պալատի Ստեղծում

Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, առաջին անգամ ըլլալով,  10-12 դեկտեմբերին այցելեց Մոնթէվիտէօ, եւ զանազան հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ համայքային եւ թէ՛ պետական մակարդակով:

Ան առաջին հերթին այցելեց  «Ներսէսեան հիմնարկութեան»  Երուանդ Գսաճիքեան» ազգային կրթարան, ուր ծանօթացաւ աշակերտներու առօրեային, զրուցեց անոնց հետ եւ ներկայ եղաւ անոնց կողմէ  պատրաստուած փոքրիկ յայտագրին, որմէ ետք փոխանցեց իր խօսքը` շեշտելով հայեցի դաստիարակութեան անյետաձգելի գործին վրայ` հեռաւոր այս ափերու, յատկապէս` հայապահպանումի եւ մեր հայ ինքնութեան դժուարին պայքարին մէջ: Ապա ան հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեանին հետ, այցելեց Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի, շրջեցաւ գաղութի կեդրոնատեղին գտնուող գրասենեակներն ու հանդիսասրահը, որ վերջերս վերանորոգուած էր:

Շարունակելով իր ծանօթացման շրջագայութիւնը` Վահագն Մելիքեան այցելեց  ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան Ալեքս Մանուկեան վարժարան եւ շրջեցաւ անոր զանազան բաժանմունքները:

Դեսպանը  իր հաւատարմագրերը յանձնեց երկրի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյին` որպէս Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպան: Ան նաեւ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անդրադարձաւ կատարուելիք աշխատանքներուն, նաեւ` այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ընդհանրապէս այսօր կը դիմագրաւէ համայն հայութիւնը: Ան հաստատեց, թէ հարկ է մեր ազգային հարցերուն մօտենալ համախմբուած:

Այցելութեան վերջին օրը հիմը դրուեցաւ Ուրուկուէյ-Հայաստան առեւտրական -արդիւնաբերական պալատին: Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի երեսփոխաններու նախասրահին մէջ:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն, որ շեշտեց, թէ հարկ է առեւտրա-արդիւնաբերական պալատը ծառայէ իր նպատակին ոչ միայն առեւտրական առումով,  այլեւ մշակոյթի ծիրէն ներս:

Իր կարգին  Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան հաստատեց, որ Հայաստանը կարեւոր կը համարէ Ուրուկուէյի հետ համակողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ պատրաստ է համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու անոնց խորացման ուղղութեամբ:

Ուրուկուէյի հայ գործարարներու անունով իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Արմէն Զէյթունցեանը,  որմէ ետք հայ եւ ոչ հայ գործարարները ստորագրեցին փաստաթուղթը եւ վերածուեցան հիմնադիր անդամեր Ուրուկուէյ-Հայաստանառեւտրա-արդիւնաբերական պալատին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES