Նամականի
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Ինչպէս արդէն տարեկան աւանդութիւն դարձած է գիրքերու ցուցահանդէսին կազմակերպումը Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ, այս տարի ալ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցայ եւ ուրախացայ, որ Հայ Գիրքը տակաւին արժէքաւոր է շատերու համար:
Այս ցուցահանդէսին ներկայ եղած է նաեւ իմ աղջիկս` իր դպրոցական ընկերներուն հետ: Գովելի նախաձեռնութիւն մըն է, որ դպրոցական աշակերտները կ՛առաջնորդեն դէպի գիրքերու աշխարհ, ուր տեղադրուած էր նաեւ մանկական եւ պատանեկան բաւական ճոխ գրականութիւն:
Աղջիկս ներկայ գտնուելով, գնած էր նաեւ որոշ գրքոյկներ, որոնցմէ մէկը` նայլընի մէջ ծրարուած, քանի մը համարներէ բաղկացած, «Little Sun» անունով պատրաստուած պարբերաթերթեր: Զարմանքս, յուսախաբութիւնս եւ զայրոյթս շատ մեծ եղաւ, երբ տեսայ, թէ ինչպիսի՛ վաճառականական նպատակներով, թէկուզ խաբելու գնով, մարդիկ կ՛ուզեն ծախել իրենց թերթը կամ գիրքը: Այս պարբերականները, ըստ երեւոյթին, երկար ժամանակ մնացած են խոնաւ տեղ, վարի մասը ջուր ծծած ու փճացած է եւ գրեթէ անգործածելի դարձած, բայց… ծրարուած ու քիչ մը աժան վաճառքի դրած են զանոնք: Մանկապատանեկան թերթը, որ կոչուած է երեխաները դաստիարակելու, առաջին բանը, որ սորվեցուց իմ աղջկանս ու իր դասընկերներուն (որոնցմէ քանի մը հոգի եւս գնած էին այս թերթէն) խաբուած ըլլալուն զգացումը ունենալն էր:
Կ՛ապրինք խաբեբաներու աշխարհի մէջ: Գիտենք, որ հագուստի վաճառականները կը խաբեն, ժամանակ մը առաջ լսեցինք, որ ուտելիքի վաճառականներն ալ սկսած են խաբել, վերջերս դեղորայքի վաճառականներն ալ խաբելու ելան, մնացեր էր, որ գիրքի վաճառականներ ալ խաբէին մեզ:
Պիտի խնդրէինք նաեւ կազմակերպիչներէն, որ ծրարուած գիրքեր ընդունելու պարագային առնուազն ստուգեն զանոնք, հակառակ պարագային` մերժեն ցուցահանդէսին տեղադրել:
Եթէ գիրքը մարդուն լաւագոյն բարեկամն է, ապա այդ բարեկամը մեզ ծանօթացնողը պարտի ազնիւ ըլլալ:

