Լիբանանի Հիւանդապահներու Միութիւնը (Order) Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 10-ամեակը

ՍՕՍԻ Ա. ՊԱԼԵԱՆ

Լիբանանի Հիւանդապահներու միութիւնը տօնեց իր հիմնադրութեան 10-ամեակը, երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, «Հիւանդապահութիւնը, լրատուութեան եւ համբաւաւոր հիւանդապահներու միջեւ» խորագրով: Տոքթ. Ուալիտ Ամմար` ընդհանուր տնօրէն առողջապահութեան նախարարութեան, երեսփոխաններ, ուսումնական, արհեստակցական ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հիւանդապահներ, ծնողք եւ բարեկամներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, որմէ ետք հանդիսավար Հիամ Ապու Շըտիտ ճարտար կերպով ներկայացուց հիւանդապահութեան ասպարէզը եւ հիւանդապահներու միութեան ունեցած դերը առողջապահական մարզէն ներս:

Ապա խօսք առաւ միութեան նախագահը Հելեն Սըմահա-Նուայհետ, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, գնահատեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անոնց, որոնք երկար տարիներ ժրաջան աշխատանքով պայքարեցան հիմնելու համար Հիւանդապահներու միութիւնը Լիբանանի մէջ «ORDER» մակարդակով, որ այսօր արդէն 10 տարեկան է: Ան շեշտեց հիւանդապահութեան ունեցած բարձր բարոյագիտական հիմքը եւ կարեւորութիւնը, ներշնչելու առաջնորդներ, որոնք ջատագով ըլլան եւ արհեստավարժօրէն քայլ պահեն այժմէական գիտական զարգացումներուն, առողջապահական մարզէն ներս: Ան շեշտեց, թէ հիւանդապահը ողնայարն է հիւանդին ապահով խնամքին: Ան նաեւ կոչ ուղղեց վերջ տալու լռութեան պատին, որոնք լուսանցքի վրայ պահելով հիւանդապահը` ճնշումներ կը գործադրեն ուսումնական, կիրառական եւ վարչական մարզերէն ներս: Ան շեշտեց, թէ Հիւանդապահներու միութիւնը միշտ ներկայ է` պաշտպանելու հիւանդապահներու իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը:

Իր կարգին նախարար զօր. Փանոս Մանճեան խօսեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ: Ան շնորհաւորեց բոլոր հիւանդապահները, միութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ, գնահատեց եւ վեր առաւ այն կարեւոր դերը, որ անոնք կը խաղան առողջապահական մարզէն ներս, մասնաւորաբար շեշտեց անոնց ունեցած ներդրումը առողջապահութեան մակարդակի յառաջդիմութեան մէջ:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր Հիւանդապահներու միութիւնը լրատուութեան մէջ, անոր կտրած ճանապարհը, իրագործումները` ուսումնական, վարչական եւ օրինական գետնի վրայ: Նաեւ նկատի առնուած էր այն տարբեր հանգրուանները, որոնց մէջէն անցած էր միութիւնը 10 տարուան ընթացքին:

Այս բոլորին յաջորդեց յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրումը նախկին նախագահներու, ռահվիրաններու, համբաւաւոր ուսուցիչներու, հետազօտողներու, վարչական եւ գործնական գետնի վրայ իրենց դրոշմը ձգողներու, գերազանց հիւանդապահներու, որոնք գործեցին ու փայլեցան Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս:

Հոս տեղին է յիշել անունները լիբանանցի հայ հիւանդապահուհիներու, որոնք պարգեւատրուեցան «Ռահվիրաններ»-ու մակարդակով:

Տոքթ. Շաքէ Քըթըֆեան (Միացեալ Նահանգներ):
Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի (Միացեալ Նահանգներ)
Դոկտ. Նորա Քասիս (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկ. Հուրի Մինասեան (Ժընեւ)
Տիկ. Սօսի Ա. Պալեան (Պէյրութ)
Նաեւ` տիկ. Հերա Թաշճեան (Պէյրութ), իբրեւ գերազանց հիւանդապահուհի:

Հոս կ՛արժէ աւելցնել, թէ Լիբանանի մէջ Հիւանդապահներու միութիւնը հիմնուած է 2002-ին: Ան ներկայացուցիչն է լիբանանցի հիւանդապահներու իրաւունքներուն եւ հետաքրքրութիւններուն: Միութեան նպատակն է յառաջդիմութիւնը հիւանդապահութեան ասպարէզի ուսումնական, օրինական եւ գործնական մարզերուն մէջ: Իր առաքելութիւնն է հիւանդապահական խնամքը զարգացնել հասցնելու համար բարձրագոյն մակարդակի, քայլ պահելով գիտական նորութիւններու հետ, նաեւ` ապահովել հիւանդապահներու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը:

Ներկայիս միութիւնը ունի 10,314 հիւանդապահներ, որոնք պետական ճանաչում ունին (collaquium անցուցած են): 81 առ հարիւրը` իգական, 19 առ հարիւրը` արական, որոնք կը ներկայացնեն աշխատանքի վայրերու հետեւեալ պատկերը:

86.64% – հիւանդանոցներու մէջ
1.1% – երկարաժամկէտ կեդրոններու մէջ
4.69% – նախնական առողջապահական կեդրոններու մէջ
3.5% – հիւանդապահական դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ
1.14% – դպրոցներու եւ մանկամսուրներու մէջ
2.36% – ճարտարարուեստի մէջ
0.39% – ապահովագրական ընկերութիւններու մէջ
0.14% – տնային խնամք (Home care)
0.19% – այլ եւ այլ վայրեր

 

 

Share this Article
CATEGORIES