Վեհափառ Հայրապետը` «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Նոր տարուան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ այցելեց «Թռչնոց բոյն»: Վեհափառը այս առիթով նուէրներ տարած էր «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտներուն: Շուրջ ժամ մը ան եղաւ աշակերտութեան հետ, լսեց անոնց երգերն ու արտասանութիւնները, ապա իր հայրական խօսքը ուղղեց անոնց:

«Թռչնոց բոյն»-ը սփիւռքի միակ ազգային որբանոցն է, որ միշտ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ տունը հայ ազգի որբերուն, անօգնական ու աղքատ ընտանիքներու զաւակներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել այս կարեւոր հաստատութեան նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )