Ս. Ստեփանոսի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ս. Ստեփանոսի Տօնը Յիշեցում Մըն Է Եկեղեցւոյ` Ծառայութիւնը Նկատելու Իր Կեանքին Առանցքը» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նշեալ հաստատումով Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ իր պատգամը ուղղեց դպրեվանքի սաներուն, միաբանութեան ու հաւատացեալներուն: «Ընդհանրապէս Ս. Ստեփանոսի տօնը նկատուած է սարկաւագներու տօնը: Սակայն չմոռնանք, որ սարկաւագութիւնը հոմանիշ ըլլալով ծառայութեան, եկեղեցին ինք ծառայ է. ծառայ` ժողովուրդին: Եկեղեցւոյ հիմնադիրը` Քրիստոս իր անձը եւ գործը բնութագրեց իբրեւ ծառայութիւն: Ան ըսաւ, որ աշխարհ եկած էր ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու համար: Ա՛յս ինքնագիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Աստուծոյ Որդին ծառայեց: Ծառայեց անխտիր բոլորին` հիւանդին ու աղքատին, զրկեալին ու հալածուածին: Այսպէ՛ս եղաւ ծառայութիւնը Քրիստոսին, ծառայութիւն մը, որ զինք առաջնորդեց մինչեւ խաչ»:

Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ կեանքին առանցքը եւ առաքելութեան նպատակը Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն` եկեղեցւոյ: Եկեղեցին սոսկ քար ու ծէս չէ, սաղմոս ու շարական չէ. այդ բոլորէն առաջ ու վեր եկեղեցին ծառայութի՛ւն է. այլապէս չի՛ կրնար ըլլալ Քրիստոսի եկեղեցին: Ան աշխարհ ղրկուած է ծառայելու համար միայն»: Խօսելով յատկապէս հայ եկեղեցւոյ մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ես ճանչցած եմ աշխարհի գրեթէ բոլոր եկեղեցիները: Մեր եկեղեցին կը զանազանուի միւս եկեղեցիներէն յատկապէս իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ: Երբ կ՛ըսենք եկեղեցին ժողովուրդն է, մեր պարագային սա սոսկ աստուածաբանական հաստատում մը չէ, այլ` գոյութենական իրականութիւն եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Մեր եկեղեցին ծառայութեան ճամբով ինքզինք նոյնացուցած է մեր ժողովուրդին հետ: Հետեւաբար, հեռացած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցւոյ հարազատ նկարագիրէն ու կոչումէն, երբ եկեղեցին վերածենք ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ գոյութեան մը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ: Մեր եկեղեցին կոչուած է մեր կեանքի մայր էջին վրայ ծառայութեամբ, կը շեշտեմ` ծառայութեա՛մբ միայն ինքզինք իրագործելու: Ծառայութիւնն է մեր եկեղեցւոյ ինքնութեան, վաւերականութեան ու հզօրութեան աղբիւրը»: Իր խօսքը յատկապէս ուղղելով միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ս. Ստեփանոսի տօնը յիշեցում մըն է մեր եկեղեցւոյ` ծառայութիւնը նկատելու իր կեանքին առանցքը: Ան նաեւ յիշեցում մըն է հայ հոգեւորականին` մեր եկեղեցին իբրեւ ծառայութիւն տանելու ժողովուրդին»:

Վեհափառ հայրապետին պատգամէն առաջ, դպրեվանքի սաները յայտագիր մը ներկայացուցին: Յայտագիրին մաս կը կազմէին դասախօսութիւն` Ս. Ստեփանոսի կեանքը եւ կոչումը նկարագրող, Ս. Ստեփանոսին նուիրուած շարական եւ աստուածաշնչական ընթերցում:

Նոյն օրը, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագիչն էր Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու  կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսի ամուր հաւատքին եւ այդ հաւատքին ծառայութեան ճամբով գործնական արտայայտութեան: Ան հրաւիրեց դպրեվանքի սարկաւագները Ս. Ստեփանոսի ոգիով կազմաւորուելու դպրեվանքի յարկին տակ, որպէսզի նոյն այդ կոչումին գիտակցութեամբ ծառայեն հայ ժողովուրդին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )