Ապատի Այցելեց Զօր. Լահուտի
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ այս աշխարհին մէջ իրենց թշնամին կը մնայ Իսրայէլը` աւելցնելով, որ իրանեան յեղափոխութենէն ի վեր իրենք մնայուն կերպով կը հաստատեն այս կեցուածքներն ու սկզբունքները:
Ապատի ընդգծեց, որ իսլամական աշխարհը պէտք է միասնականութեամբ ու համախոհութեամբ գործէ` տապալելու համար թշնամի Իսրայէլը:
Պատասխանելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը` Ապատի շեշտեց, որ Իրան ընտրութիւններու թղթածրարին միջամուխ չի դառնար, որովհետեւ ատիկա ներքին լիբանանեան հարց է:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` Ապատի շեշտեց, որ 22 ամիս առաջ իրենք հաստատած էին, որ բռնարարքները եւ վայրագութիւնները շարունակելով ոչ մէկ հարց կարելի է լուծել: «Մենք Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կը հաւատանք եւ այդ լուծումը կարելի է ապահովել սուրիական ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն», աւելցուց ան:
Ապատի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ապատի Մանսուրի ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի լուծման իրանեան նախաձեռնութիւնը, որուն իսկական էութիւնը երկխօսութիւնն է:


