Նախարարներ Արիտի – Հաժ Հասան Հանդիպում
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որուն ընկերակցեցաւ նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին երկու նախարարները 2012 տարուան ընդհանուր աշխատանքներուն անդրադարձան:
Հաժ Հասան շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստէն փոխադրուող լիբանանեան երկրագործական արտադրութիւնները աճ արձանագրած են:
Իր կարգին, նախարար Արիտի հաստատեց, որ երկրագործութեան նախարարին յայտարարած թիւերը, որոնք արձանագրուած աճը կը խորհրդանշեն, աննախընթաց են եւ քաջալերական:
Արիտի ըսաւ, որ հակառակ Սուրիոյ տագնապին, Լիբանան կրցաւ տնտեսական իր կացութիւնը լաւ վիճակի մէջ պահել, նուազագոյնը` երկրագործութեան առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան


