Փարիզի Մէջ Հարիրի Ընդունեց Միւֆթի Շաարը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու ճիգերն ու ջանքերը` վերահաստատելու համար ազգային համերաշխութիւնը:
Հարիրի խստիւ դատապարտեց միւֆթի Շաարի դէմ արձակուող ամբաստանութիւնները` հաստատելով, որ ինք կը զօրակցի ապահովական եւ դատական իշխանութիւններուն, որոնք իրենց պատասխանատուութիւնները կը ստանձնեն` բացայայտելու համար միւֆթի Շաարի սպառնացող կողմերուն ինքնութիւնը:
Հարիրի բարձր գնահատեց միւֆթի Շաարի գործունէութիւնն ու դերակատարութիւնը` Թրիփոլիի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը հաստատելու առումով:
«Շաարի դէմ սպառնալիքները խիստ մերժելի են», ըսաւ ան:

