Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ռումիէի Բանտին Մէջ

Ս. Ծնունդի առիթով երէկ Ռումիէի բանտին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ մը, որուն` արգելափակեալներուն կողքին ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Պատարագէն ետք Քըրթպաուի Ռումիէի բանտարկեալներուն խոստացաւ բարելաւել բանտերուն մէջ տիրող կացութիւնը:

Ան հանդիպում մը ունեցաւ արգելափակեալներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ շեշտեց, որ Լիբանանի բանտերուն օրակարգը կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն մը պիտի ըլլայ:

Քըրթպաուի հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը ծրագրէ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ նաեւ նոր բանտեր կառուցել, ինչպէս նաեւ բարելաւել Ռումիէի բանտին իրավիճակը:

Արդարութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ բանտերուն թղթածրարը ուղղակիօրէն կապուած է արդարութեան նախարարութեան, սակայն նախարարութիւնը կարիքը ունի մարդուժի, որպէսզի կարենայ բանտերուն տնօրէնութիւններուն համար նոր կանոններ եւ օրէնքներ մշակել:

 

Share this Article
CATEGORIES