Պքերքէի Մէջ Նախագահ Սլէյման Ներկայ Կը Գտնուի Ս. Ծնունդի Պատարագին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ս. Ծննդեան տօնին առիթով նախանցեալ օր ուղղուեցաւ Պքերքէ` ներկայ գտնուելու համար մատուցուած պատարագին:
Նախքան պատարագին մատուցումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին դիմագրաւած ծանր տագնապին: Ան խստիւ դատապարտեց առեւանգումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ Սուրիոյ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն, որոնք ուխտագնացներ էին:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կը հետապնդեն այդ հարցը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ պետութեան, յատկապէս` Թուրքիոյ շահերը պէտք չէ հարուածել:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատու անձնաւորութիւններուն կողմէ յառաջիկայ 7 յունուարին Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» սկզբունքներէն անշեղ մնալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդ յայտարարութեան գործադրութեան առումով բազմիցս խախտումներ արձանագրուած են:
Ակնարկելով յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք կը նախընտրէ որեւէ օրէնքի հիման վրայ ընտրութիւններուն կայացումը` ընտրութիւնները յետաձգելու փոխարէն:
Միւս կողմէ, Պքերքէի Ս. Ծննդեան պատարագին նախագահեց կարտինալ Ռային, որ իր քարոզին ընդմէջէն կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն` երկխօսութիւն կատարելու եւ երկրին քաղաքական հարցերն ու տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ժողովրդավարութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը:


