Պոլսոյ Մէջ Հակահայ Պաստառներ Պարզած Անձերը Բանտարկութեան Դատապարտուելէ Ետք Երեք Հազար Լիրայի Դիմաց Ազատ Արձակուած Են

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հակահայ ցոյցի մը ընթացքին հայերը վարկաբեկող պաստառներ պարզած վեց անձեր երէկ տեղի ունեցած դատական նիստի մը ընթացքին հինգ ամիս բանտարկութեան դատապարտուած են:

Այդ պատիժը փոխարինուած է երեք հազարական թրքական լիրայի տուգանքով:

Դատարանը որոշած է տասը մեղադրեալներէն վեցը մեղաւոր ճանչնալ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 216-րդ` «ժողովուրդը թշնամանքի եւ վրէժխնդրութեան դրդել» յօդուածով:

26 փետրուարին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Աղտամի իրադարձութիւններու 20-րդ տարելիցին առիթով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աջակցութեամբ կազմակերպուած հակահայ ցեղապաշտական հաւաքին ընթացքին հակահայ պաստառներ պարզելու յանցանքով ձերբակալուածները ստորագրութեան դիմաց ազատ արձակուած էին:

Share this Article
CATEGORIES