Ըստ «Կազեթա Տելլօ Սփոր» Պարբերաթերթին Ընթերցողներուն Ռոժէ Ֆետերեր Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Պատմութեան Լաւագոյն Մարզիկը

Իտալական «Կազեթա Տելլօ Սփոր» պարբերաթերթը հարցում ուղղեց իր ընթերցողներուն, թէ ո՞վ է պատմութեան լաւագոյն մարզիկը:

Լուրը, որ կը փոխանցէ PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը, կը յայտնէ, որ ըստ այդ ընթերցողներուն, կրան-շլեմի մրցաշարքերու բազմակի տիտղոսակիր, միջազգային դասաւորման մէջ նախապէս առաջին դիրքը գրաւած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ինք է լաւագոյնը:

31 տարեկան մարզիկը ապահովեց ձայներուն 15,4 առ հարիւրը:

1 առ հարիւրով նուազ երկրորդ դիրքին վրայ տեսնուեցաւ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (ֆութպոլ):

Ապա, յաջորդաբար երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը գրաւեցին Փելէ, Տիեկօ Մարատոնա (ֆութպոլ) եւ Մոհամետ Ալի (կռփամարտ):

Share this Article
CATEGORIES