Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ – Նիքս` 100-94. Պրայընթ Եւ Անթոնի Նշանակեցին 34-ական Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 14-րդ յաղթանակը` 100-94 արդիւնքով յաղթելով Նիւ Եորք Նիքսի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 34 կէտ: Նոյնքան կէտ նշանակեց նաեւ Նիքսի մարզիկ Քարմելօ Անթոնի:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Մայեմի Հիթ 103-97 արդիւնքով յաղթեց Օքլահոմա Սիթիի, հակառակ անոր որ վերջինիս մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 33 կէտ: Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 93-76
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 100-94
Մայեմի Հիթ – Օքլահոմա Սիթի 103-97
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շիքակօ Պուլզ 120-97
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 100-112
Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրն է.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Մայեմի Հիթ
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Օրլինզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Միլուոքի Պաքս – Պրուքլին Նեթց
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Նիւ Եորք Նիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ

