Յառաջիկայ 14-17 Փետրուարին Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Ուքրանիոյ Մէջ Կը Մասնակցին Միջազգային Մրցաշարքին
PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 12-26 յունուար 2013-ին, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ պիտի կատարէ Նոր տարուան իր առաջին ուսումնամարզական հաւաքը:
Իւրաքանչիւր դասակարգի համար պիտի հրաւիրուին երկուքական ըմբիշներ, որոնք Հայաստանի 2012 տարուան ախոյեանութեան գրաւած են առաջին եւ երկրորդ դիրքերը:
Ապա անոնք 14-17 փետրուարին Ուքրանիոյ մէջ պիտի մասնակցին միջազգային մրցաշարքին:
Այս առիթով Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Ուքրանիոյ մէջ իրենց առաւելագոյն արդիւնքը արձանագրող մարզիկները մաս պիտի կազմեն հաւաքականին` մասնակցելու համար Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 19-24 մարտին` Թիֆլիսի մէջ: Հետեւաբար, բոլորն ալ կարելիութիւնը ունին մասնակցելու Եւրոպայի ախոյեանութեան: Այդ մէկը կախեալ է ըմբիշներէն եւ ոչ ինձմէ»:
Մարզիչին կարծիքով, 2012-ը այդքան ալ յաջող չէր Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշներուն համար:
Փոխարէնը, պատանիներու եւ երիտասարդներու հաւաքականները աւելի յաջող ելոյթներ ունեցան: