Յովհաննէս Գրիգորեան Միացաւ Արարատ Երեւանի
Իր լուրը քաղելով հայկական Արարատ Երեւան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութենէն, ArmSport.am հայկական մարզական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ուլիս Երեւանի յետսապահ Յովհաննէս Գրիգորեան միացաւ իրենց կազմին, մինչեւ 2013-2014 տարեշրջան համաձայն գտնուելով մնալ խումբին հետ:
Նշենք, որ ան փոխանցուած էր Շիրակ Գիւմրիէն` կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Ուլիսի հետ:
CATEGORIES Մարզական

