Հայաստանի Ճատրակի Տղոց Հաւաքականը` 2012-ի Լաւագոյն Խումբը
Ճատրակի միջազգային ողիմպիականի ախոյեան Հայաստանի տղոց հաւաքականը մարզական լրագրողներու հանրապետական համադաշնակցութեան հարցախոյզին իբրեւ արդիւնք ճանչցուեցաւ իբրեւ 2012-ի լաւագոյն խումբը:
Հայրենի վարպետները այս տարի 3-րդ անգամն ըլլալով միջազգային ողիմպիականին ոսկի մետալներու տիրացան, կը յայտնէ PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Միքա ճատրակի աղջկանց խումբը, որ Եւրոպայի ակումբներու ախոյեանութեան հանդիսացաւ փոխախոյեան, իսկ երրորդ դիրքին վրայ է Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականը, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

