«Նախընտրած Թեկնածուս Սերժ Սարգսեանն Է» Ըսաւ Արթուր Աբրահամ
Ներկայիս Հայաստան կը գտնուի Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ:
Աբրահամ, որ Նոր տարին պիտի մնայ Հայաստանի մէջ, երէկ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ նախորդ տարուան, ինչպէս նաեւ ապագայի իր ծրագիրներուն մասին:
ArmSport.am հայկական մարզական լրատուական կայքէջը` անդրադառնալով անոր կատարած յայտարարութիւններուն, կը մէջբերէ որոշ կէտեր:
Աբրահամ ըսաւ. «Շուրջ երեք տարի եւս կը մտածեմ շարունակել իմ արհեստավարժ ասպարէզս, ապա զբաղիլ մարզիչի ասպարէզով: Արդէն իսկ Հայաստանի մէջ հողերը գնած ենք, կը մնայ անցնիլ գործնականին»:
Երբ անոր հարց տրուեցաւ, թէ ի՞նչ կը մտածէ Հայաստանի նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին, ան յայտնեց, որ իր նախընտրած թեկնածուն Սերժ Սարգսեանն է:
«Եթէ պատահի, որ Գագիկ Ծառուկեան առաջադրէ իր թեկնածութիւնը, այդ ժամանակ դարձեալ կը խօսինք», նշեց Աբրահամ:

