Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մանչեսթըր Եունայթըտ Երթի Մրցումները Աւարտեց Եօթը Կէտի Առաւելութեամբ
Երէկ` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին, տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Իր դաշտին վրայ, 75 հազար համակիրներու ներկայութեան, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Եունայթըտ երթի մրցումները աւարտեց եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Մանչեսթըր Սիթիի վրայ` 4-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւքասըլի:
Եունայթըտի կոլերը նշանակեցին Ճոնի Իվընզ (25-րդ), Փաթրիս Էվրա (58-րդ), Ռոպին Վան Փերսի (71-րդ) եւ Խաւիէ Հեռնանտեզ (90-րդ):
2-րդ դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Սանտըրլենտի դաշտէն: Սիթի, որ այժմ ունի 39 կէտ, կրած է երկու պարտութիւն, մինչ Եունայթըտ` 3, սակայն Սիթիի արձանագրած հաւասարութիւնները աւելի շատ են (6), քան Եունայթըտի արձանագրած հաւասարութիւնները (1):
3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Չելսի, որ մրցում մը նուազ կատարած է, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նորուիչը: Խուան Մաթա նշանակեց Չելսիի կոլը (38-րդ): Չելսի այժմ ունեցաւ 35 կէտ:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ԿԷՏ
1.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 46 (48-28)
2.- Մանչեսթըր Սիթի 39 (34-16)
3.- Չելսի 35 (37-17)
………………………………………………………..
18.- Ուիկըն 15 (19-35)
19.- Ռիտինկ 10 (21-37)
20.- Քուինզ Փարք 10 (16-33)


