Լեւոն Ջուլֆալակեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի 2012 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Արսէն Ջուլֆալակեան

Մարզական լրագրողներու հանրապետական համադաշնակցութեան հարցախոյզի արդիւնքներով, Հայաստանի 2012 տարուան լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան:

PanArmenian.Net կայքէջը կը նշէ, որ հարցախոյզին մասնակցեցան 30 լրագրողներ:

Մինչ Ջուլֆալակեան հաւաքեց 294 կէտ, 2-րդ դիրքը 250 կէտով գրաւեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Եւրոպայի ախոյեան եւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան:

Իսկ լաւագոյն եռեակը 226 կէտով ամբողջացուց ծանրաբարձ եւ ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիր Հռիփսիմէ Խուրշուդեան:

Չորրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ ճատրակի միջազգային ողիմպիականի յաղթող, ՖԻՏԷ-ի ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող եւ միջազգային բազմաթիւ մրցաշարքերու տիրացած Լեւոն Արոնեան:

Տասնեակին մէջ են նաեւ Եւրոպայի հրացանաձգութեան ախոյեան Երջանիկ Աւետիսեան, ժիւտոյի Եւրոպայի փոխախոյեան Յովհաննէս Դաւթեան, ճատրակի միջազգային ողիմպիականի յաղթող Վլատիմիր Յակոբեան, Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր, մարմնամարզիկ Յարութիւն Մերտինեան, ողիմպիականի 4-րդ դիրքը գրաւած թեքուանտոյիստ Արամ Երեմեան եւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր սամպիստ Վաչիկ Վարդանեան:

Մարզական լրագրողները իրենց հարցաթերթիկներուն մէջ նշած են նաեւ 13 մարզիկներու անունները: Անոնք են` Հենրիխ Մխիթարեան, Եուրա Մովսիսեան, Ռոման Պերեզովսքի, Սարգիս Յովսէփեան, Արազ Օզպիլիս (ֆութպոլ), Դաւիթ Սաֆարեան (ազատ ոճի ըմբշամարտ), Մխիթար Մխիթարեան, Տիգրան Կիրակոսեան (Սամպօ), Եուրի Պատրիկէեւ (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ), Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան (ճատրակ), Հայկ Յակոբեան (ծանրաբարձութիւն) եւ Նիկոլ Յարութիւնով (կռփամարտ):

Share this Article
CATEGORIES