Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ` 0-1
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, Սաֆայի դաշտին վրայ Ախա Ահլի Ալէյ 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելէ ետք Ռասինկը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալէյի կազմը իր կէտերու ընդհանուր գումարը բարձրացուց 15-ի, մինչ Ռասինկի կէտերուն թիւը մնաց 13:
Ախա Ահլի Ալէյ իր եւ մրցումին կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն` շնորհիւ Ահմետ Նաամանիի, այդ ալ` փենալթիով:
Նշենք, որ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Նըժմէ` 22 կէտով, Սաֆա` 2-րդ, ունի 21 կէտ, Անսար` 19, իսկ Ահտ` 17:
CATEGORIES Մարզական


