Էն. Պի. Էյ. Ռեփթըրզի Յաջորդական Երկրորդ Յաղթանակը` Նախորդ Ապրիլէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն, Թորոնթօ Ռեփթըրզ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 103-96 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիուսթըն Ռոքեթցը: Իրագործումը կարեւոր էր, որովհետեւ Ռեփթըրզ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` նախորդ ապրիլէն ետք առաջին անգամ ըլլալով:

Երէկուան մնացեալ ճակատումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի (111-98), Տենվըր Նակեթց` Սաքրամենթօ Քինկզի (122-97) եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ` Նիւ Օրլինզի (95-94):

Երէկուան այս չորս մրցումներուն ամէնէն շատ կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Լէյքըրզի մարզիկ Քոպի Պրայընթ (34 կէտ):

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Օրլանտօ Մեճիք – Մինեսոթա Վուլվզ
Նիւ Եորք Նիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Շիքակօ Պուլզ
Օքլահոմա Սիթի – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Սաքրամենթօ Քինկզ

 

Share this Article
CATEGORIES