Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց 38-րդ Ախոյեանութիւն. Խէյրալլա` Տիտղոսին Տիրանալու Սեմին

«Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի տղոց 38-րդ ախոյեանութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին:

Արդարեւ, 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ֆայսալ Խէյրալլա, յաղթելէ ետք վերջին դիրքին վրայ գտնուող Մոհամետ Միքաթիի, որ ոչ իսկ կէտ մը ունի, կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս` 7,5-ի բարձրացնելով իր կէտերուն ընդհանուր գումարը:

Եթէ 10-րդ հանգրուանին պատահի, որ ան յաղթէ Ահմետ Նաժժարի, գրեթէ ապահոված պիտի ըլլայ տիտղոսը:

Անոր ետին 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Անթուան Քասսիս` 7 կէտով, իսկ 6-ական կէտ ունին Ամրօ Ժաուիշ եւ նոյնինքն Նաժժար:

Երկու հանգրուան ետք այս ախոյեանութիւնը պիտի աւարտի, երբ տեղի ունենան վերջին հանգրուանի հանդիպումները:

Այս ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունենալէ բացի, պիտի կատարուի նաեւ յատուկ մեծարանքի երեկոյ մը` Սլովենիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած աշխարհի կրտսերներու ճատրակի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան պատուիրակութեան:

Անիկա տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ, չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES