Կրեթթա Թասլաքեան` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրը

Ինչպէս ծանօթ է, իւրաքանչիւր երեքշաբթի օր «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հիւրընկալէ հիւր մը (կամ` հիւրեր)` «Սքոր» մարզական յայտագիրին ընթացքին:

Այսօրուան հիւրը պիտի ըլլայ լիբանանահայ սփրինթըր Կրեթթա Թասլաքեան, որ նախանցեալ օր Տուպայէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) վերադարձաւ Լիբանան` Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելէ եւ երեք ոսկի մետալի տիրանալէ ետք:

Նշենք, որ յայտագիրը կը վարէ լիբանանցի փորձառու լրագրող Նեժիպ Քահի:

 

Share this Article
CATEGORIES