Եուրա Մովսիսեան Սպարտակի Հետ Իր Փորձերուն Պիտի Սկսի 20 Յունուարին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Քրասնոտարի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան իր նոր ակումբին` Սպարտակ Մոսկուայի հետ իր փորձերուն պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան 20 յունուարին:
Ներկայիս ռուսական ֆութպոլը իր ձմեռնային արձակուրդին մէջ է:
Ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերն ալ, օգտուելով այս արձակուրդէն պիտի պատրաստուին դարձի մրցումներուն, միեւնոյն ժամանակ վերադասաւորելով եւ նոր մարզիկներ միացնելով իրենց կազմերուն:
Այդ առումով է, որ Սպարտակ իր կազմին միացուց Մովսիսեանը եւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ նշանակեց Վալերի Քարփինը:
Կը կարծուի, որ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով Սպարտակ մեկնի Ապու Տապի:
Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկա»-ի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Մովսիսեան իր նշանակած 9 կոլով կը գրաւէ կոլսքորըրներուն երկրորդ դիրքը` մէկ կոլով ետ մնալով Ալեքսանտր Քերժաքովէն:

