Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ախոյեան Շանվիլ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ախոյեան Շանվիլ Սաժեսէն կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը` 66-55 արդիւնքով:

Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Սաժես արձանագրելով իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ ապահովելով առաւելագոյն 21 կէտը, ամուր կառչած կը մնայ պարագլուխի դիրքին:

Նշենք, որ Շանվիլէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 29 կէտ, իսկ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ամերիկացի Աարոն Հարպըր (20):

Հուփս երեք կէտի տարբերութեամբ 109-106 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի, մինչ Զահլէի մէջ Անիպալ 79-71 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պիպլոսէն:

Share this Article
CATEGORIES