Քերրի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի, Իսկ Հակըլ` Պաշտպանութեան Նախարարի Ամէնէն Հաւանական Թեկնածուներ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը յայտնած է, թէ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի պայքարէն դուրս եկած է:
Նախագահ Պարաք Օպամային ուղղուած իր նամակին մէջ Ռայս գրած է, որ այդ պաշտօնին իր նշանակումը կրնայ շարք մը դժուարութիւններու եւ տարակարծութեանց պատճառ դառնալ: Յիշեցնենք, որ հանրապետականները Պենկազիի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան համար Սիւզըն Ռայսը խիստ քննադատութեան ենթարկած էին: 48-ամեայ Ռայս իր նամակին մէջ գրած է, որ ինք ստիպուած է հրաժարիլ պայքարէն` իր ընդդիմադիրներուն պատճառով:
Օրէնքով` արտաքին գործոց նախարարի նշանակման համար անհրաժեշտ է ծերակուտականներու երկու երրորդին համաձայնութիւնը, ինչը հանրապետականներուն կարելիութիւն պիտի տար արգելակել անոր թեկնածութիւնը: «Ես համոզուած եմ, որ իմ նշանակումիս հոլովոյթը երկար, դժուար եւ սուղ պիտի ըլլայ` ձեր եւ մեր երկրի ազգային շահերուն ու միջազգային առաջնահերթութիւններուն համար », ըսուած է Օպամային ուղղուած նամակին մէջ:
Փորձագէտներու համոզումով` ծերակուտական Ճոն Քերրի այժմ Հիլըրի Քլինթընը փոխարինելու համար ամէնէն հաւանական թեկնածուն է:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Սպիտակ տան մօտիկ աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի ղեկավարի պաշտօնի յաւակնորդներուն մէջ Օպամայի նախընտրած թեկնածուն նախկին հանրապետական ծերակուտական Չաք Հակըլն է, որ կրնայ արդէն այս ամիս նշանակուիլ:
Նեպրասքայի նախկին ծերակուտական Հակըլ, որ հետեւակ ջոկատի մը իբրեւ անդամ մասնակցած է Վիեթնամի պատերազմին, նշած է, որ ինք այժմ նախագահի որոշիչ խօսքին կը սպասէ:
Բացի Հակըլէն, Փենթակոնի յաջորդ ղեկավարը ըլլալ կը յաւակնին նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քաղաքականութեան հարցերով փոխնախարար Միշել Ֆլուրնոյ եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Էշթըն Քարթըր:


