«Եւրոպան Պիտի Չհաւատայ Ռուսիոյ Փոփոխութիւններուն, Այնքան Ատեն Որ Տակաւին Լենինը Դամբարանին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

«Կազեթա» կը գրէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի կարծիքով` այնքան ատեն որ տակաւին Լենինը դամբարանին մէջ է, ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ ալ քաղաքակիրթ Ռուսիան պիտի հաւատան երկրի փոխուելուն:

Ժիրինովսքի իր ղեկավարած կուսակցութեան 25-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտնած է, որ պէտք է «դո՛ւրս բերել Լենինը, վերցնե՛լ զինք, դատապարտե՛լ խորհրդային վարչակարգի գաղափարախօսութիւնը, քննադատե՛լ զանոնք այն ամէն բանի համար, որ ըրած են»:

Ան վստահ է, որ այսօր բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնք կը բնակին արտասահմանի մէջ, որովհետեւ չեն ուզեր Ռուսիոյ մէջ ապրիլ, կը վախնան, որ համայնավարները կրկին պիտի վերադառնան իշխանութեան:

«Որովհետեւ Լենինը այդտեղ պառկած է: Քանի տակաւին Լենինը պառկած է, ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ Ռուսիոյ կրթուած քաղաքացիներու մեծ մասը պիտի հաւատան, որ մենք այլ երկիր ենք: Սակայն իշխանութիւնը «ձախերու» ձայներուն համար կը պահէ Լենինը եւ չի հասկնար, որ երկիրը կը վարկաբեկէ», նշած է Ժիրինովսքի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES