Իրան Կը Յայտարարէ, Որ Ամերիկեան Երկու Առանց Օդաչուի Սարքեր Եւս «Որսացած Է»
«Վրեմիա»` յղում կատարելով ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, հաղորդեց, որ Իրանի իշխանութիւնները երէկ յայտարարած են, որ կրցած են «որսալ» ամերիկեան երկու անօդաչու սարք եւս:
Ըստ Իրանի ծովուժի հրամանատար Ալի Ֆատաւիի, ամերիկեան անօդաչու սարքերը գրաւուած էին 4 դեկտեմբերէն առաջ, երբ Իրան յայտարարած էր «ՍքանԻկըլ» առանց օդաչուի թռչող սարքի գրաւման մասին:
Ֆատաւի նշած է, որ այդ սարքին կրկնօրինակը արդէն կ՛օգտագործուի իրանցի զինուորներու կողմէ, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:
Յիշեցնենք, որ 4 դեկտեմբերին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ամերիկեան «ՍքանԻկըլ» տիպի առանց օդաչուի թռչող սարք մը գրաւած էր:
CATEGORIES Միջազգային