Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգները նախկին նախարար Միշել Սմահայի անունը ընդգրկեցին ահաբեկիչներու անուանացանկին մէջ:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Սուրիոյ թղթածրարի նախկին պատասխանատու Ֆրետերիք Հոֆ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին շարունակականութիւնը կրնայ խորացնել լիբանանեան ներքին երկփեղկումը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի նշանակէ ներկայացուցիչ մը, որ կուսակցութիւնը ներկայացնէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան մէջ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եամմին շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւն մը գոյութիւն ունի եւ ոչ ոք կրնայ ժխտել Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան գոյութիւնը:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ իրենք իրենց գիտակցութեամբ եւ միասնականութեամբ կը ձախողեցնեն բոլոր գրաւները եւ կ՛արգիլեն Լիբանանի դէմ նախապատրաստուող բոլոր սադրանքները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապրուստի տագնապին լուծումը կարելի պիտի չըլլայ Հըզպալլայի մասնակցութեամբ լիբանանեան որեւէ նախարարական կազմի իշխանութեան ներքեւ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց ընդդիմութեան դուրս գալու այն ժխտական փապուղիէն, ուր անիկա մղած է երկիրը:
«ԽԱԼԻԺ» օրաթերթին համաձայն, Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներուն թղթածրարը իր լուծման վերջին հանգրուանին հասած է` նկատի ունենալով, որ սպաննուած մնացեալ լիբանանցիներուն դիակներուն ճանաչումը արդէն իսկ ամբողջացած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յանձնառու է Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, ապա ան պէտք է իր կառավարութեան հրաժարականին առումով իր վերջնական որոշումը տայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ուղղութեամբ կան դիւանագիտական շարժումներ, որոնց նպատակն է Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան բեմագրութիւնները բացայայտել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը փորձէ լիբանանցիները թեթեւամիտ քաղաքացիներուն շարքին դասել, երբ ան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛ամբաստանէ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը մերժելու յանցանքով:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի չկատարուին, որովհետեւ ան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան նախարարական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնն ու իշխանամէտ քաղաքական ուժերը տակաւին պահանջուած մակարդակը չեն ներկայացներ` երկիրը պաշտպանելու առումով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ճիգ չի խնայեր ժողովրդավարական վարչակարգը քայքայելու իմաստով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ Լիբանան առաւելագոյն չափով երկխօսութեան եւ նուազագոյն չափով տարակարծութեան կարիքը ունի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխանական աղբիւրէ մը, նկատել տուաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըրի դէմ փաստերը գոյութիւն չունին եւ անճիշդ են:

