Սալեհի Թուրքիոյ Մէջ Հակաօդային Համակարգերու Տեղակայումը Սադրանք Կ՛որակէ
Թրքական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդեն, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայումը սադրիչ քայլ է:
Ան նշած է,որ այդ քայլը կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ:
Սալեհի ըսած է, որ «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերու տեղակայումը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ, եւ ատիկա ընդամէնը սադրանք է»` աւելցնելով, որ այդ քայլը չի կրնար շրջանի անվտանգութեան պահպանման նպաստել:
CATEGORIES Միջազգային

