Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Միշել Մըրը Եւ Սուրիայէն Եկած Հոգեւորականներու Պատուիրակութիւն Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հոգեւորականներու ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, որ Դամասկոսէն եկած էր Լիբանան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական ու Սուրիոյ վերաբերող զարգացումները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ երեսփոխան Միշել Մըր, որուն ընկերակցեցաւ Մեթնի քաղաքապետերուն պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Մըր եւ պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեցին անոր կարտինալի աստիճան ստանալուն առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին դատապարտուեցան լիբանանցի քաղաքացիներուն ապրուստը եւ տնտեսական իրավիճակը վատթարացնող պայմանները:

Մըր կոչ ուղղեց պատրիարքին օժանդակելու լիբանանցիներուն:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ խիստ մերժելի է այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը խանգարէ զբօսաշրջութիւնը, ճարտարարուեստը, երկրագործութիւնն ու տնտեսութիւնը:

Ռայի պատրիարքը միասնականութեան կոչ ուղղեց եւ շեշտեց շրջանին մէջ Լիբանանը իբրեւ խաղաղութեան երկիր պահելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )