Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակող Երկիրներուն Բ. Խորհրդաժողովին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակող երկիրներուն Բ. խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու առումով Լիբանանի կառավարութեան մշակած ծրագիրը:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան շարք մը նախարարներ, Լիբանանի մէջ միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար երկիրներու դեսպաններ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին զօրակցելու Լիբանանի կառավարութեան ծրագիրին գործադրութեան:
Խորհրդաժողովին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իրենց նպատակն է սուրիացի գաղթականներուն ամէնօրեայ հացը եւ ապրուստի տարրական պայմանները ապահովել:
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց առողջապահութեան նախարարութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան առնչութեամբ:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու ընդհանուր համադրող Ռոպըրթ Ուաթքինզ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու առումով:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ հաստատեց, որ իրենք պիտի առաջարկեն Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել` 2013-ի սկիզբը:
Խորհրդաժողովէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը արժանացած է խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցներուն դրուատիքին եւ համաձայնութեան: «Այս ծրագիրը արդէն իսկ ամբողջական է եւ անոր ոչինչ կը պակսի, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ նկատողութիւն կատարուած է անոր գծով», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան վերաբերող Լիբանանի կառավարութեան ծրագիրը Ժընեւի ՄԱԿ-ի գումարելիք խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուի:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան մշակած Սուրիոյ գաղթականներուն օժանդակութեան ծրագիրը եւ ըսաւ, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել այս աշխատանքին եւ մշակուած ծրագիրին համար:


