Իրաքի Մէջ Պասի Մը Վրայ Կատարուած Հրթիռարձակումի Մը Պատճառով Հիւսէյն Նահլէ Կը Սպաննուի Եւ Չորս Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին
Իրաքի մէջ լիբանանցի քաղաքացիներ փոխադրող պաս մը երէկ Սամարրայի մէջ ենթարկուեցաւ հրթիռարձակումի մը, որուն պատճառով սպաննուեցաւ լիբանանցի քաղաքացի Հիւսէյն Նահլէ եւ վիրաւորուեցան չորս ուրիշներ, որոնցմէ ծանօթ են Հասան Շհատէ, Ահմետ Համզէ եւ Իպրահիմ Իսա:
Լիբանանցի ուխտաւորները ուղղուած էին Իրաք` մասնակցելու համար իմամ Հիւսէյնի քառասունքին առիթով տեղի ունենալիք ոգեկոչումի արարողութեան:
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր Իրաքի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավարէն իմացաւ Նահլէի սպանութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այն, թէ Հիւսէյն Նահլէ պիտի թաղուի Նաժաֆի մէջ:
Հիւսէյն Նահլէ Ամալ շարժումի պատասխանատու մըն է. ան ծնած է 1967-ին: Ամուսնացած է եւ ունի չորս զաւակ:
CATEGORIES Լիբանանեան

