Նեպիհ Պըրրի. «Կը Սպասեմ Ընդդիմութեան Պատասխանին»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պատասխանին կը սպասէ` միացեալ յանձնախումբերուն եւ ընտրական օրէնքի յատուկ սեղմ յանձնախումբին նիստերը շարունակելու իմաստով:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ինք անցեալ ուրբաթ օր երեսփոխան Մարուան Համատէի ներկայացուցած է խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն եւ ընտրական օրէնքի յատուկ սեղմ յանձնախումբին ատենագրութիւնները, որոնք կը կեդրոնանան ընտրական նոր օրէնքին եւ ընտրաշրջաններուն թիւին վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան