Պայթում` Թայրհարֆայի Հովիտին Մէջ
Երէկ կէսօրէ առաջ Թայրհարֆայի մէջ արձանագրուեցաւ պայթում մը, որուն պատճառն էր իսրայէլեան պատերազմէն մնացած հրթիռի մը պայթումը:
Թայրհարֆայի հովիտին մէջ պայթումը փճացուցած էր տեղւոյն բնակիչներէն գիւղացիի մը հաւնոցը, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ պատճառած էր հովիտին մօտակայ բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն:
Պայթումէն անմիջապէս ետք լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնն ու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ շրջափակեցին զայն ու պայթումին մասին հետաքննութիւն բացին:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թայրհարֆայի պայթումէն ետք բանակին յատուկ զօրամաս մը ուղղուած է դէպքին վայրը եւ համապատասխան դատական ատեանին հետ գործակցաբար բացած է հետաքննութիւն մը:

