Եուհաննա Եազիժի` Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Նորընտիր Պատրիարք
Պալամանտ համալսարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքական ընտրութիւն, որուն ընթացքին պատրիարք ընտրուեցաւ Եուհաննա Ժ. Եազիժին, որ յոյն ուղղափառ համայնքի Եւրոպայի առաջնորդն էր:
Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի վախճանումէն ետք Եուհաննա Ժ. Եազիժի դարձաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ 176-րդ պատրիարքը, որ ստանձնեց Արեւելքի մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ եկեղեցական եւ ընկերային առաքելութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:
Իր ընտրութենէն ետք կատարած իր անդրանիկ յայտարարութեան մէջ Եազիժի պատրիարքը ըսաւ, որ քրիստոնեաները պիտի մնան Սուրիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ Սուրիան ինչպէս բոլորին, նաեւ անոնց հայրենիքն է:
Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ Սուրիա պատմութեան ընթացքին լուրջ վտանգներու դէմ յանդիման գտնուած է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մնալ հոն` հաւատալով եւ վստահելով Սուրիոյ կարողութիւններուն:
Ան հաստատեց Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Եազիժի ընդգծեց, որ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներուն հետ իրենց յարաբերութիւնները կարեւոր են, «եւ մենք անոնց հետ մէկ ընտանիք կը կազմենք եւ մարդակերտման նպատակով կ՛աշխատինք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով շնորհաւորութիւններուն` Եազիժի պատրիարքը զարմանք յայտնեց ըսելով, որ ի՛նչ շնորհաւորութիւններ, երբ առաքելութիւնը դժուար է եւ զոհողութիւնները պէտք է հսկայական ըլլան: Ան շեշտեց, որ ինք իր համայնքին ծառան է եւ ոչ թէ պատրիարքը:
Եուհաննա Եազիժի ծնած է 1955-ին` Լաթաքիոյ մէջ: Ան իր երիտասարդութեան մեծ մասը Հոմսի ու Դամասկոսի մէջ անցուցած է եւ հիմնականին մէջ աշխատած է երիտասարդութեան հետ, ինչպէս նաեւ կազմած դպրաց դաս մը եւ հիմնած հոգեւոր երաժշտութեան դպրոց մը:
Նշենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նորընտիր պատրիարքին հետ եւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոր ու յաջողութիւն մաղթեց` անոր ստանձնած նոր առաքելութեան մէջ:


