Րաֆֆի Յովհաննիսեան Հանդէս Պիտի Գայ Նոր Յայտարարութեամբ

Րաֆֆի Յովհաննիսեան

Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը 22 դեկտեմբերի կէսօրին հրաւիրած է համապարփակ հանրային ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Արմենիա Մարիոթ»  պանդոկին մէջ:

Ժառանգութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ քաղաքացիական հասարակութեան եւ քաղաքական հոլովոյթներու միջեւ արհեստական ջրբաժանը կամրջելուն միտուած այս իւրայատուկ հաւաքը բաղկացած պիտի ըլլայ քաղաքացիներու ելոյթներէ եւ երաժշտական կատարումներէ: Կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննիսեան հանդէս պիտի գայ հիմնական յայտարարութիւն մը, եւ հաւաքը պիտի աւարտի Ժառանգութիւն կուսակցութեան հակիրճ ու յատուկ համագումարով:

Share this Article
CATEGORIES