Պետական Յանձնախումբ` Ղարաբաղեան Շարժման 25-ամեակին Առիթով
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը` արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի ղարաբաղեան շարժման 25-ամեակի տօնակատարութեան պետական յանձնախումբ ստեղծելու մասին:
Համաձայն հրամանագիրին, հաստատուեցաւ յանձնախումբի անհատական կազմը` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ: Յանձնախումբը երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ պիտի քննարկէ ու հաստատէ տօնական ձեռնարկներու համալիր ծրագիրը:
Երէկ Բակօ Սահակեան ստորագրեց նաեւ այլ հրամանագիր մը, որուն համաձայն, փոփոխութիւն կատարուեցաւ «Պատիժը կրելէն ետք պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուելու, պատիժի չկրած մասը աւելի մեղմ պատժատեսակով փոխարինելու հարցերով անկախ յանձնախումբի կազմաւորման եւ գործունէութեան կարգը սահմանելու մասին» հրամանագիրին մէջ:
CATEGORIES Հայկական

