50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1962)
Ազգային Կեանքը
Քարանթինայի Մէջ
Քարանթինայի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի շրջանային միութեան կազմակերպած թատերական երեկոյթը տեղի ունեցաւ շաբաթ եւ կիրակի երեկոները, ժամը ճիշդ 8:30-ին, ստուար հասարակութեան մը ներկայութեան:
Թատերգութեան սկսելէ առաջ միութեան ատենապետը` Եփրեմ Զեքեան ըրաւ հանդիսութեան բացման խօսքը եւ ըսաւ. «Շրջանաւարտից այս միութիւնը, որ տարիներ շարունակ շրջանիս մէջ իբրեւ երազ կը սաւառնէր, այսօր դարձած է իրականութիւն եւ ազգօգուտ գործունէութեան հակամէտ: Միութեան կատարած գործունէութեանց կարգին կ՛ուզենք կարեւորութեամբ յիշել գիշերային դասընթացք ստեղծումը շրջանիս թերուս բնակչութեան ազգային գիտակցութիւն ջամբելու նախանձախնդրութենէն մղուած, եւ աւելցնեմ, որ յիրաւի մեծ յաջողութիւն գտած է այս գաղափարը, որովհետեւ մեծ թիւով հետեւողներ ունեցած է, եւ տակաւին հետզհետէ կ՛աւելնայ անոնց թիւը»:
***
Շրջանիս ուսում առնելու անկարող մատղաշ մանուկներուն կարելիութիւններ ստեղծելու եւ դպրոցին բեռը թեթեւցնելու նպատակով: Շրջանաւարտից միութիւնը կազմակերպած է «Տայի Կարապետ» թատերգութիւն` մասնակցութեամբ միութեան անդամներուն եւ օժանդակութեամբ Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերգութիւնը` ղեկավար Թաթուլ Այնեճեանի եւ Բիւզանդ Արզումանեանի: Այստեղ պարտք կը սեպենք շնորհակալութեան մեր խօսքը ուղղելու «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի վարչութեան, որ իրենց թանկագին ժամերը մեզի տրամադրելով` օգտակար հանդիսացան սոյն ձեռնարկին յաջողութեան, շրջանիս Տիգրան Ծամհուր կոմիտէին եւ ակումբի վարչութեան, որոնք սիրայօժար կերպով տրամադրեցին սրահը:
Կ՛ուզենք քանի մը խօսք ընել թատերգրութեան եւ դերասաններուն մասին:
Թատերգութիւնը` «Տայի Կարապետ», կը ներկայացնէ ԺԹ. դարու պոլսահայ ընտանիքի մը ներքին կեանքը, որուն առընթեր պոլսահայ բարքերն ու սովորութիւնները: «Կարապետ Տայի»-ն, զոր կը մարմնաւորէր Տրդատ Աւետիքեան, տիպարն է պոլսեցի անուս այն դասակարգին, որոնք ջոջերու ուղիին հետեւող եւ միայն անոնց խօսքին մէջ իրականութիւնը տեսնող մարդիկ եղած են: Դերասանը մեծ յաջողութեամբ արտայայտեց իր դերը եւ մաղթելի է զինք ուրիշ բեմերու վրայ տեսնել:
«Կարապետ Տայի»-ին կնոջ դերը, զոր կը մարմնաւորէր Տ. Տեմիրճեան, առաւելաբար ցոյց կու տար այն կիները, որոնք նոյնիսկ մինչեւ այսօր մեծ հաւատք կ՛ընծայեն բախտախաղին, թուղթ կը բանան` վստահ կերպով իմանալու կատարուելիք` իրողութիւնները: Բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ցոյց տրուեցաւ, թէեւ յաճախ շուարումի արտայայտութիւնները զգալի կը դառնային:
Օգսէնի դերը վստահուած էր Բ. Արզումանեանին, որ մեծ յաջողութեամբ եւ բնական խաղարկութեամբ նպաստեց թատերգութեան յաջողութեան:
Կարապետ տայիին աղջկան դերը մարմնաւորած էր Արփինէ Գոճայեան, իսկ նշանածին դերը` Յովհաննէս Սահակեան, որոնք իբրեւ առաջին անգամ բեմ ելլողներ` բաւական յաջող էին:
Ներկայացումէն անմիջապէս ետք, միութեան վերելքին նպաստելու միտումով, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եղան.- Տեմիրճեան եղբարք` 10, Պետրոս Քէշիշեան` 10, Լեւոն Փանոսեան` 10 եւ Յակոբ Մարգարեան` 5 լ. ոսկի:
Շրջ. միութիւնը, քաջալերուած շրջանի ժողովուրդին կողմէ, ծրագրած է առաւել զարկ տալ հրապարակային հանդիսութիւններուն, ըլլան անոնք թատերգութիւն, դասախօսութիւն վիճաբանական ասուլիսներ եւ այլն:
17-12-62
Պէյրութ
Գ. Ս. Կ.
1605 Զբօսաշրջիկներ Կաղանդի Առթիւ
Կաղանդի տօներուն առթիւ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ սկսած են գալ Լիբանան:
Արդարեւ, «Աքրոփոլիս» շոգենաւը երէկ Պէյրութի նաւահանգիստը իջեցուց 550 զբօսաշրջիկներ, որոնք 15 օր պիտի մնան Լիբանան: «Ակամեմնոն» նաւը Պէյրութ պիտի հասնի վաղը` կիրակի, 300 զբօսաշրջիկներով, իսկ երեքշաբթի, 1 յունուար 1963-ին Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն 755 զբօսաշրջիկներ պիտի գան Լիբանան:
Նոր Տարիին Պայծառ Օդ
Պիտի Ըլլայ Լիբանանի Մէջ
Օդաչափը, թէեւ տակաւին ի վիճակի չէ ստուգապէս արտայայտուելու, բայց կը նախատեսէ պայծառ օդ Նոր տարիի համար: Ամէն պարագայի տակ, այժմու մթնոլորտային պայմանները պիտի մնան անփոփոխ, առնուազն յառաջիկայ 48 ժամերու ընթացքին: Ըստ օդերեւութաբանական սպասարկութեան, օդը կրնայ վատանալու սկսիլ յառաջիկայ չորեքշաբթի:
- ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ կառավարութեան որոշումով, «Նոր ֆրանք» եւ «Հին ֆրանք» բացատրութիւնները պիտի չգործածուին այլեւս: Յունուար 1-էն սկսեալ ֆրանսացիք իրենց դրամները պիտի կոչեն դարձեալ «Ֆրանք»:

