«Քանդենք Ու Շինենք Նորը»
ՏՕՆԻԿ Տ.
Պատմութեան էջերուն մէջ ապրելու համակրելի զգացում մը յաճախ կը շրջապատէ մեր հոգիները, յատկապէս` պատմութեան այն էջերը, ուր խիզախ վերաբերմունք մը կը կայանայ, կը միաւորուի իրաւազրկուած հաւաքականութեան մը ապրումներուն հետ եւ վերջապէս կը ձգտի անոր անդորրութեան … ազատագրութեան …
Ժողովրդային շարժումներն ու կազմակերպութիւները այսպէս կը ծնին, հաւաքականութեան մը ճնշուածութեան արդիւնքն են անոնք: Երբ անարդարութիւնն ու կեղեքումը համատարած երեւոյթներ են, երբ զրկանքներն ու անիրաւութիւնները առօրէական անբաժանելի ստուերի մը բնոյթը կը կրեն ամէնուրեք… կը ծնին ու կը գործեն յանուն անարդարութիւններու վերացումին. Կ՛աշխատին կեղեքումի ու շահագործումի վերացման ի խնդիր. ու այսպէս կ՛ապահովուի անոնց շարունակականութիւնը, կ՛ապրին այնքան` երբ տակաւին իրենց ծնունդի արդիւնքին հիմամբ կ՛աշխատին, այնքան, որքան իւրաւացի է անոնց պատմութեան հիմքը, հեռու «արուեստագէտ-պատմաբան»-ի մը գրիչէն:
Այս բոլորը ճշգրիտ են նաեւ մեր պարագային, մեր պատմութեան մէջ լուսաւոր էջեր ունեցող կազմակերպութիւններու, ժողովրդային շարժումներու, որոնց դերակատարութեան անկեղծութիւնը անհերքելի է ու փաստարկուած, նոյնիսկ մօտիկ անցեալին, փաստը` պատմութիւնը:
Երկար տարիներու ընթացքին, իրերայաջորդ սերունդներու անսակարկ նուիրումով, զոհաբերութիւններով եւ ծառայութիւններով գոյացաւ կազմակերպութեան մը հզօրութիւնը ու վերանորոգուող պատմութեան մը տեսքը ստացաւ: Վերանորոգուողն է հիմքն ու սկզբնակէտը, որովհետեւ այնտեղ կայ տարիներու, սերունդներու տարբերութիւնը մը, նաեւ` շարունակականութիւն մը ապահովելու խնդիր … պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:
Արդէն իսկ հաստատուած է ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան մէջ, կը մնայ վերանորոգուող ուժի, շարունակականութիւնը ապահովող հաւատքի զգացումը, որ ներկան է:
Ու որպէսզի ամէն ինչ վերանորոգուող ըլլայ, ամէն զգացում անկեղծ ու մաքուր ըլլայ, յանուն գոյատեւութեան` պատմութիւն մը աղաւաղող ձեռքեր չըլլան, ինչպէս նաեւ, խաւար ներկայ մը «խաբկանք-պատմութիւն» մը վերածելու խնդիր չունենանք, ուրեմն լծուինք Լ. Շանթի «Վանահայր» հերոսի տեսութեան, որ իր նոր եկեղեցին կառուցելու համար կ՛ըսէ` «Քանդենք ու շինենք նորը»: Ուրեմն, ամէն օր քանդենք ու շինենք նորը` առանց երբեք շեղելու ժողովրդային շարժում ըլլալու անկեղծ հանգամանքէն:
Ներկան «արուեստագէտ-պատմաբանի» մը գրիչէն հեռու պահելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք, այլապէս պատմութիւնն ալ խաբկանք մը կ՛ըլլայ:
Պատմութեան էջերուն մէջ ապրելու համակրելի զգացում մը յաճախ կը շրջապատէ հոգիս … ներկան սարսափելի կրնայ ըլլալ:

