Խոչընդոտ` Օտարացման

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Ինչպէս գիտենք, օտար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը կը բարձրանայ օրէ օր. Բազմաթիւ են հետեւանքները այս իրողութեան, ինչպէս` օտարացում, ձուլում, հայոց լեզուի ուրացում եւ այլն:

Յօդուածիս նպատակը մեղադրել չէ այս կամ այն անձը, որ պատճառ կը դառնայ այս կացութեան, ոչ ալ` խօսիլ հետեւանքներուն մասին, այլ`առաջարկ մը տալ այս աշակերտներուն ծնողներուն, կարելի եղածին չափ առաջքը առնելու հետեւանքներուն…

Նախ կ՛ուզեմ ըսել, որ ամէն հայու իրաւունքն է` ըլլալ հայ, ստանալ հայեցի դաստիարակութիւն, սորվիլ հայոց պատմութիւնն ու հայոց լեզուն, ծանօթանալ հայ ազգին մշակոյթին ու անցեալին… Այս բոլորը ոչ միայն իրաւունք է, այլ նաեւ` պարտաւորութիւն: Արդար եւ ամէն հայ պարտաւոր է ջանք թափել հայ մնալու համար ու պայքարելու օտարամոլութեան դէմ, իբրեւ յարգանք բոլոր նահատակներուն, բոլոր ֆետայիներուն ու բոլոր այն մտաւորականներուն, որոնք անխոնջ պայքար մղած են եւ դեռ կը մղեն պահպանելու համար հայ ազգին գոյատեւումը… Ամէն հայ ունի իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ այս պարտականութիւնը, որ սերունդէ սերունդ պէտք է փոխանցուի. Այս փոխանցումը ամէնէն առաջ կ՛ըլլայ հայկական վարժարաններուն մէջ:

Բայց երբ ծնող մը իր զաւակը օտար դպրոց ղրկէ, անկէ կը խլէ հայ ըլլալու իրաւունքը եւ զայն կ՛ուղղէ դէպի օտարացում:

Կրնամ բազմաթիւ պատճառներ տալ այս ծնողներուն, թէ ինչո՛ւ կը սխալին, թէ` ինչո՛ւ հայկական դպրոցը նոյնքան եւ թերեւս աւելի լաւ է քան օտարը, թէ` ինչո՛ւ ոչինչ կը կորսնցնեն եւ շատ բաներ կը շահին, եթէ իրենց զաւակը յաճախէ հայկական դպրոց մը… Սակայն,  ինչպէս ըսի, այդ չէ յօդուածիս նպատակը, տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ծնողներ երբեք պիտի չհասկնան հայկական դպրոցներուն անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, հայկական դպրոցներուն չափ երբեմն կարեւոր դեր կը խաղան պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւնները, մանաւանդ` օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտին համար: Հոն է, ուր հայ մանուկը հայկական շրջանակի մը մէջ կը մեծնայ, կը գտնէ իր ինքնութիւնը, կը խօսի իր մայրենի լեզուն ու կը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ իր մտքին մէջ կը դրոշմուին` հայրենասիրութիւնը, մեր նահատակներուն օրինակելի պատկերը ու բարոյական նկարագրի կարեւոր կէտեր, ինչպէս` ընկերասիրութիւնը, պարկեշտութիւնը, համեստութիւնն ու դիմացինին հանդէպ գուրգուրանքը:

Այս միութիւններուն կողքին, նոյնքան կարեւոր են մշակութային միութիւնները, ուր հայ մանուկը կը ծանօթանայ հայ մշակոյթին, երգին, պարին, թատրոնին:

Այս բոլոր միութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն բոլոր հայ մանուկներուն կեանքին մէջ, յատկապէս` օտար դպրոց յաճախողներուն, որոնց կը պարգեւեն այն, ինչ որ օտար դպրոցները ոչ մէկ  ձեւով կրնան տալ…Ուրեմն այս միութիւնները արգելք կը հանդիսանան օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտին օտարացման:

***

Անփոխարինելի է հայկական դպրոցին տուած դաստիարակութիւնը: Հոն է, ուր ամէնէն շատ հայ մանուկը կը մնայ հայ. անշուշտ օտարացման դէմ պայքարելու ամէնէն լաւ ձեւն է հայկական դպրոց յաճախելը եւ ոչ մէկ միութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ զայն փոխարինել.

Այն ծնողներուն, որոնց զաւակները օտար դպրոց կը յաճախեն, եւ որոնք պիտի չընդունին հայկական դպրոցին կարեւորութիւնը, կ՛առաջարկեմ, որ գոնէ թոյլ տան իրենց զաւակներուն անդամակցիլ այսպիսի միութիւններու, որովհետեւ այս ձեւով կարելի է որոշ չափով արգելակել այս մանուկներուն օտարացումը եւ այս ձեւով է, որ այդ ծնողները իրենց զաւակներուն կը վերադարձնեն հայ մնալու իրաւունքը…

 

 

Share this Article
CATEGORIES