Լուսարձակ. Գողտրիկ Հանդիպում Մը Ճատրակի Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութեան Մաասնակցած Նանոր Արնէլեանի Հետ
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մեր ծանօթութիւնը եօթնամեայ Նանորի հետ եղած էր հայ մամուլի միջոցով, որ տարբեր առիթներու արձագանգ կը հանդիսանայ հայ նորահաս սերունդի մարզական յաջողութիւններուն:
Այս պարագային յայտնապէս ընդգծելին այն էր, որ լիբանանահայ ճատրակի փոքրիկ խաղացողներ եւս իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցաշարքին` մաս կազմելով Լիբանանի խումբին:
Ճիշդ է նաեւ, որ թէ՛ լիբանանեան, եւ թէ միջազգային ճատրակի ախոյեանութիւններու ամպիոնէն հնչած են ու ցարդ կը հնչեն բազմաթիւ հայ մարզիկներու անուններ (երկսեռ), որոնց արձանագրած պատուաբեր արդիւնքները հպարտութիւն կ՛առթեն ազգային մեր պարունակին եւ կ՛արժանանան բոլորին գնահատանքին:
Արդարեւ, Սլովենիոյ մէջ վերջերս կայացած (7 – 19 նոյեմբեր) ճատրակի աշխարհի այս ախոյեանութեան 1500 մարզիկներու կողքին հայ փոքրիկ ախոյեաններու մասնակցութիւնը ուշագրաւ իմաստ ու խորք կը զգենուր` նման ասպարէզի մէջ յաւելեալ փորձառութիւն շահելու եւ իրենց հմտութիւնը բացայայտելու տեսակէտէ:
Եւ հոս է, որ մեր ուշադրութեան առանցք կը հանդիսանար փոքրիկ Նանորին մասնակցութիւնը (Քարլօ Դարբինեանի եւ Հրակ Լախեանի կողքին) նման միջազգային մակարդակի մրցաշարերուն, ուր աւելի քան իննսուն երկիրներէ տարեկից ախոյեաններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին` տիտղոսին տիրանալու ձգտումով:
Հարկ է յիշել, որ Նանորի յաջողութիւններուն մասին արձագանգել չ՛ենթադրեր սոսկ անոր մասին խօսիլ այնքան, որքան եւ անվերապահօրէն նաեւ միւս հայ մարզիկներուն պատուաբեր ներկայութեան անդրադառնալ նման միջավայրերու մէջ:
Այս առումով ընդգծելին կը մնայ այն, որ թէեւ անոնք` լիբանանահայ մարզիկները չհասան տիտղոսին (թէեւ միշտ ակնկալելի է), այդուհանդերձ անոնց վաստկած յոյժ գնահատելի փորձառութիւնը համապատասխան կէտերով` յաղթանակ մըն է ինքնին, որովհետեւ անիկա դրսեւորումն է իրենց քաջարի կեցուածքին ու քաղաքացիական գիտակցութեան` հանդէպ Լիբանանին ու իրենց ազգային պատկանելիութեան:
Անցնինք:
Փոքրիկ Նանորի հետ մեր պատահական երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ազգային հաստատութեան մը մէջ, ուր ան կը գտնուէր իր մօր կողքին` տուեալ հաստատութեան մէջ պաշտօնավարող:
Առաջին հայեացքով իսկ ճատրակի փոքրիկ ախոյեանին (Լիբանանի եւ Յունաստանի աղջկանց 8 տարեկանէն վար առաջնութիւնը շահած) աչքերը իրենց բոցկլտուն եւ կենդանի արտայայտչականութեամբ արդէն շատ բան կ՛ըսէին նայողին: Անոր համովիկ այտերուն եւ պայծառ դէմքին վրայ կ՛ուրուագծուէին մարզիկի մը բնորոշ ինքնավստահութեան անմեղ ցոլքեր եւ դիմացինով հետաքրքուելու լուրջ նայուածքներ:
Թէեւ ամչկոտ, բայց քանի մը գողտրիկ նախադասութեամբ ան կրցաւ պատասխանել մեր խանդավառ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին նոյնինքն ախոյեանական մրցաշարքին, որ, ըստ ծնողքին, շատ բան սորվեցուց Նանորին` իր արձանագրած յաջողութիւններուն եւ պարտութեան ընդմէջէն:
Ընդգծենք:
Յաճախ եւ տարբեր պատեհութիւններու ականատես ենք եղած գաղութահայ կեանքի դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներու եւ ինչու չէ նաեւ անհեռանկար ու մեղկ վարքագիծերու, որոնց յամեցումն է, որ պատճառ կը դառնայ ազգային կեանքի ջլատումին եւ անարդիւնաւէտ միջավայրի յառաջացումին:
Այլապէս ալ անպակաս են եղած (թէեւ հազուադէպ) ազգային մեր շտեմարանն ու ցեղային առանձնայատկութիւնը առաւել ուժեղացնող եւ կառուցող երեւոյթներ, մարզական թէ այլ բնագաւառներու մէջ, որոնցմով հպարտանալու է հաւաքական մեր միջավայրը, եւ ըստ էութեան քաջալեր հանդիսանալու անոնց ասպարէզային յաղթանակներուն:
Այլ խօսքով, մարզական թէ այլ բնագաւառի իւրաքանչիւր միջոցառում հարկ է, որ արժանանայ գաղութահայ մակարդակի վերաբերումին` որպէս ազգային հաւաքական կամքի ու կեցուածքի վսեմ արտայայտութիւն:
Նաեւ արձանագրել է պէտք, որ ազգային համապատասխան միութիւններ ստուգապէս կը ցուցաբերեն որոշակի հետաքրքրութիւն ու նիւթաբարոյական աջակցութիւն, այդուամենայնիւ, կեանքի սրընթաց պայմաններու լոյսին տակ ու մանաւանդ դէպի արհեստավարժութիւն ճախրող մարդկային մօտեցումներուն առընթեր, եթէ երբեք կը հաւատանք եւ համոզուած ենք գաղութահայ կեանքի վերազարթօնքին ու վերականգնումին, հայացումին ու արդիւնաւէտութեան, պարտաւոր ենք տիրութիւն ընել Նանորի ու իր նմաններուն` ստեղծելով ձեռնտու պայմաններ, որպէսզի ծնողական գուրգուրանքին ու զոհողութեան առընթեր, նաեւ մեր կարգին` իբրեւ ազգ, ցուցաբերենք հաւատամքի ու պատկանելիութեան օրինակելի յանձնառութիւն:
Որպէսզի ընդարմացած վիճակներու եւ չքմեղանքներու հանդիսավայրի չվերածուինք, եւ գէթ յառաջիկայ սերունդներու ժառանգենք մեր ազնիւ համոզումներուն իրաւութիւնը, ապա շուտափոյթ կերպով մեր անխառն զգացումներուն եւ ակնկալութիւններուն շաղախենք նաեւ հայավայել գիտակցութեան եւ արժանավայել կամեցողութեան հրայրքը, աւելի քան երբեք այսօր լծուինք գաղութահայ կեանքի վերաթարմացումին եւ ստեղծագործ կեանքի յանձանձումին:
Ապահովաբար, նման վերաբերումներ մեզմէ կը պահանջեն նման քաջարի փոքրիկներ, որոնք ամէն առիթի կը պայքարին` ապաւինած իրենց աստուածատուր շնորհքին, ցեղային յատկութիւններուն եւ ծնողական անսահման գուրգուրանքին:
Եօթնամեայ ախոյեան Նանոր Արնէլեանի խոհուն աչուըներուն ետին թաքնուած նման վեհափառ ցոլքերուն հանդիպելու հպարտութիւնը ապրեցանք մեր կարգին:

