Քաղաքացիական Մտորումներ. Մեր Շրջապատը Մեր Տունն Է Մաքուր Պահենք Զայն

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏՑԻ

Տարեվերջը մօտալուտ է, տօնական օրերու սեմին կը գտնուինք: Իւրաքանչիւր անձ, ընտանիք, կը մտածեն հաճելի եւ օգտակար պահեր ստեղծելու մասին: Կը մտածենք լաւագոյն ձեւո՛վ ուրախացնել մանուկները: Կրթական հաստատութիւնները, ընկերային ծառայութեանց նուիրեալ կազմակերպութիւնները կը պատրաստեն իրենց ծրագիրները` օգտակար ըլլալու համար կարիքաւորին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը յոյս մը կ՛ունենայ լաւագոյն ապագայի համար, եւ` «յոյսը չի խաբեր» կ՛ըսէ Աւետարանը:

Տօնական օրերու խորհրդանիշն է տօնածառը, զոր կը զարդարենք մեր տուներուն մէջ: Դպրոցներ, պետական հաստատութիւններ կամ բարեսիրական կեդրոններ կը մտածեն մթնոլորտ ստեղծել եղեւիններով, դալար ճիւղերու վրայ եւ լուսաւոր զարդարանքներով: Պէյրութ մայրաքաղաքի եւ արուարձաններու հրապարակներու եւ գլխաւոր փողոցներու վրայ կը տեսնենք գեղեցկօրէն պճնազարդուած տօնածառեր: Հրճուանք է, երջանկաբեր տրամադրութիւն, աչքեր փայլեցնող հոգեկան պայծառութիւն: Մեր մանուկները, նաեւ մեծերը կ՛ապրին վաղուան բերկրանքը: Նոր տարիէն շատ բարիք կը սպասենք, բայց կը մաղթենք նաեւ, որ մեր ունեցած բարին որքան ալ քիչ ըլլայ, մնայ նոյնը, միայն թէ եղածը չտանի չարը…

Մեր տան զարդարանքին հետ մտածենք նաեւ մեր շրջապատին մաքրութեան: Մեր թաղերը, փողոցները եւս պահենք մաքուր եւ զարդարուած: Իւրաքանչիւր թաղեցի անշուշտ կը մտածէ ու պէտք է մտածէ իր անմիջական շրջապատին մասին, եթէ հոն տեսնէ աւելորդ եւ անօգուտ իր մը, տգեղ երեւոյթ մը, հարկ է վերցնէ զայն: Մեր հայկական թաղամասերը պէտք է ըլլան տօնական մթնոլորտի մէջ: Եթէ նկատի ունենանք Պուրճ Համուտի մեր հայկական միջավայրը, հարկ է զայն վերածենք հիւրընկալ վայրի մը, ուր մտնողը հիանայ անոր մաքրութեան եւ այս օրերուն մանաւանդ` տօնական յարդարանքին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս մարզին մէջ կը կատարէ իր պարտականութիւնը իր սահմաններու ներած չափով: Ամէն տարի դեկտեմբերի առաջին օրերէն կը լուսաւորէ փողոցները, պողոտաները, ելեկտրական գեղատեսիլ պաճուճանքով: Անշուշտ կարելի չէ մրցակցութեան ելլել մայրաքաղաքի հարուստ շրջաններուն հետ, բայց սա մերն է եւ կ՛ուզենք պահել հայավայել գեղեցկութեամբ:

Պուրճ Համուտի փողոցները աղբազերծումի մնայուն աշխատանք կը տարուի ցերեկին եւ գիշերին, բայց կարեւոր է թաղեցիներուն հոգատարութիւնը` հետեւելու աղբահաւաքման գործընթացին, անժամանակ աղբեր չդիզելով մայթերուն եւ ճամբեզրին: Այս կապակցութեամբ հարկ է ուշադիր ըլլան մասնաւորաբար Մարաշ եւ Կիլիկիա թաղամասերու նպարավաճառները, բանջարեղէն եւ պտուղ վաճարող խանութպանները, որոնք միշտ գրաւեալ կը պահեն մայթերը, ուրկէ անցնիլը կը դժուարանայ ոչ միայն ինքնաշարժներու, այլեւ անցորդներու համար: Քաղաքապետութեան հսկիչ պահակները կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը, բայց անոնք «աչք կը գոցեն» գիտակցաբար` տօնական տրամադրութեան սիրոյն: Այսուհանդերձ, այս սովորութիւնը հարկ է սրբագրուի պարզ առօրեային: Քաղաքապետութեան նուէրներու բաշխումը ի զօրու է ամէն Կաղանդի առիթով: Մանաւանդ շրջուն կաղանդ պապաներով բաշխուած նուէրները: Պէտք չէ մոռնալ մերձաւորը, անտէրը, մեկուսի մնացածը, հիւանդը կամ մէկ խօսքով, մարդու կարօտ մնացածները, քիչով-շատով օգնութեան ձեռք երկարելու:

Երբ կը մտածենք մեր շրջապատը մաքուր պահելու մասին, ի մտի ունինք նաեւ ընտանի անասուն պահողները, որոնք ուշադիր չեն ըլլար իրենց պահած անասուններուն շրջագայութեան: Այդ անասունները կ՛աղտոտեն, ո՛ւր որ կ՛ուզեն, նոյնիսկ երբ «պտոյտի» ելած են իրենց տէրերուն հետ, առաւօտեան կամ երեկոյեան պահերուն: Կը տեսնենք անասուններու ձգած աղտոտութիւնները, իսկ անցորդը անգիտակցաբար կ՛աղտոտէ իր կօշիկները: Քաղաքակիրթ աշխարհի ժողովուրդները ունին իրենց յատուկ կերպերը անասունները մաքուր պահելու` նոյնիսկ ճամբաներու վրայ, իրենց հետ ունենալով յատուկ պիտոյք, փոքր տոպրակ եւ տուփ, ճամբան զերծ պահելու աղտերէ: Եթէ կը սիրենք անասուն պահել, պէտք է ուշադիր ըլլանք նաեւ զանոնք բուծանելու` առանց ուրիշին վնաս կամ տաղտուկ պատճառելու: Մնալով Պուրճ Համուտի սահմաններուն մէջ, ականատես կ՛ըլլանք նաեւ շուներու դեգերումներուն ճամբեզրի ծաղկուն պարտէզներուն, մանուկներու խաղավայրերուն մէջ, ուր ազատ ձգուած անասունը կը փետէ, արմատախիլ կ՛ընէ ծաղիկներ եւ բոյսեր:

Մեր շրջապատը մեր տունն է, այդ իմաստով մաքուր պահենք մասնաւորաբար այս տօնական օրերուն: Ազատութիւնը սահմաններ ունի, հարկ է սահմանազանց չըլլալ: Ապրինք սիրալիր, մտածենք նաեւ մեր շուրջիններուն մասին, փոխանակ աղտոտելու` մաքուր պահենք, ինչպէս որ կ՛ընենք մեր տուներուն պարագային: Միջավայրը մաքուր պահելը մեր պարտականութիւնն է: Սկսինք տօնական օրերու մաքրութենէն եւ շարունակենք նոյնը ընել միշտ: Բարի տարեվերջ ամէնուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES