ՖՐԱՆՍԱ ԿՐՆԱՅ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՃԱՆՉՆԱԼ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ֆրանսական «Լ՛Էքսփրես» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսա այս տարի կրնայ ճանչնալ պաղեստինեան պետութեան անկախութիւնը, եթէ մինչեւ սեպտեմբեր Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները «անհրաժեշտ հունով չերթան»:

Սարքոզի աւելցուցած է, որ բանակցութիւնները սեպտեմբերին պէտք է արդէն արդիւնք տուած ըլլան, որովհետեւ կ՛ակնկալուի, որ պաղեստինցիները այդ ամիս դիմեն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին` Այսրյորդանանի եւ Կազայի հատուածներուն մէջ իրենց պետականութեան ձեւաւորումը ճանչնալու խնդրանքով:

«Մենք կը պատրաստուինք բոլոր եւրոպացիներուն եւ ամերիկացիներուն հետ նախաձեռնողական քայլեր իրականացնելու խաղաղութեան հոլովոյթը վերսկսելու ուղղութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ատիկա ցանկալի է, որովհետեւ ՄԱԿ-ի` սեպտեմբերին կայանալիք նիստը «ծանր պիտի ըլլայ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մտադիր է այսօր հանդիպիլ Սարքոզիի հետ` քննարկելու համար Ֆաթհի եւ Համասի համաձայնութեան հարցը, ինչ որ, ըստ իսրայէլեան կողմին, հարուած հասցուցած է խաղաղութեան հոլովոյթին, որ արդէն իսկ մշուշոտ հեռանկար մը կը պարզէ:

 

Share this Article
CATEGORIES