ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի շքախումբը երէկ ենթարկուեցաւ յարձակումի մը, որուն պատճառով, ըստ նախնական տուեալներուն, զոհուեցաւ ոստիկան մը եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, յարձակումը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Էրտողանի շքախումբը ոստիկանութեան մեքենաներուն ուղեկցութեամբ Անգարա կը վերադառնար Քասթամոնու քաղաքէն, ուր վարչապետը ընտրական հաւաք մը ունեցած էր:

Անյայտ անձեր գնդացիրով կրակ բացին եւ ձեռնառումբեր նետեցին շքախումբին վրայ, որուն պատճառով ոստիկանական ինքնաշարժներէն մէկը հրկիզուեցաւ: Էրտողանի թիկնապահներն ու ոստիկանները հակադարձեցին, որմէ ետք անյայտ անձերը դէպքին վայրէն փախուստի դիմեցին:

Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն համաձայն, Էրտողան Քասթամոնուի հանրահաւաքէն ետք ուղղաթիռով մեկնեցաւ, Ամասիա:

 

Share this Article
CATEGORIES