ՄԻՋՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ. «ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԻ ԷՋԸ ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ ՓԱԿԵՑԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՊԱՍ
Եգիպտական գաղտնի սպասարկութեան Գահիրէի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ, պաղեստինեան տարբեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ համաձայնութիւնը յաւիտեանս կը փակէ պաղեստինցիներուն միջեւ պառակտումի սեւ էջը: Ան նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պէտք է խաղաղութեան եւ բնակեցման վայրերու կառուցման միջեւ ընտրանք մը կատարէ:
Ապպաս պաղեստինեան հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւններու մերժումը շեշտեց` վստահեցնելով, որ Համաս պաղեստինցի ժողովուրդին մաս կը կազմէ, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի պաղեստինցիներուն թելադրելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն: Ան Իսրայէլը ամբաստանեց պաղեստինեան պառակտումը պատրուակելով խաղաղութեան հոլովոյթէն փախուստ տալու յանցանքով:
Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ իր կարգին յայտնեց, որ Համաս պատրաստ է հաշտութեան համար որեւէ գին վճարելու: Ան ընդգծեց, որ Համասի միակ պայքարը Իսրայէլի դէմ է` աւելցնելով, որ պաղեստինցիները Այսրյորդանանն ու Կազան ներառող անկախ եւ գերիշխան պետութիւն մը կ՛ուզեն:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու` մեկնաբանելով Գահիրէի մէջ միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնագիրի ստորագրումը, յայտնեց, որ ատիկա խաղաղութեան հոլովոյթին հասցուած մեծ հարուած մըն է եւ ահաբեկչութեան համար յաղթանակ մը: