ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՉԷԶՈՔԱՑՈՒՄԸ ՕՊԱՄԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑԱԾ Է 9 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐՈՎ

Նախագահ Օպամա

Ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով «Փիու» հետազօտական կեդրոնին կատարած հարցախոյզի արդիւնքը, կը հաղորդէ, որ Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի չէզոքացումը 9 առ հարիւրով բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարկանիշը, որ ապրիլին հասած էր նուազագոյնի:

«Կարճ ժամանակի մը մէջ Պըն Լատենի սպանութիւնը պատճառ դարձաւ Օպամայի վարկանիշի բարձրացումին, աճած է թիւը այն ամերիկացիներուն, որոնք համոզուած են, թէ պետութեան ղեկավարը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Աֆղանիստանի գործողութիւնները լաւ կը վարէ: Միաժամանակ չէ փոխուած թիւը անոնց, որոնք կը կարծեն, որ նախագահը ի վիճակի է լուծելու տնտեսական խնդիրները: Այսպիսով, հարցախոյզին մասնակիցներուն 56 առ հարիւրը գոհ է Օպամայի աշխատանքէն, ինչ որ 9 առ հարիւրով կը գերազանցէ ապրիլի ցուցանիշը: Ասիկա 2009-էն ետք նախագահ Օպայմայի վարկանիշի ամէնէն բարձր ցուցանիշն է», նշուած է զեկուցումին մէջ:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն աւելի քան երկու երրորդը ըսած է, թէ Օպամա իրենց վստահութիւնը շահած է Պըն Լատենի չէզոքացումէն ետք: Թէ որքա՛ն ժամանակ բարձր պիտի մնայ Օպամայի վարկանիշը, յստակ չէ: Այն իրողութիւնը, որ հարցախոյզին տուեալներով չէ մեծցած նախագահի տնտեսական քաղաքականութենէն գոհ քաղաքացիներուն թիւը, կը վկայէ, թէ նախկինին նման դժուարութիւններ կը սպասեն Սպիտակ տան: Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 40 առ հարիւրը գոհ են ազգային տնտեսութեան վերականգնումին ուղղուած պետութեան ղեկավարին քայլերէն, եւ ասիկա, ըստ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»ի կատարած հարցախոյզերուն, Պարաք Օպամայի նկատմամբ վստահութեան ամէնէն ցած ցուցանիշն է:

Հարցախոյզը տեղի ունեցած է երկուշաբթի օր` հեռաձայնով: Անոր մասնակցած են 654 անձեր:

 

Share this Article
CATEGORIES