ԸՍՏ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԲԱՆԲԵՐԻՆ. ՊԸՆ ԼԱՏԵՆ ԶԻՆՈՒԱԾ ՉԷՐ

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատեն զինուած չէր, երբ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը անոր վրայ կրակ բանալով զայն սպանեցին: Ան նշեց, որ անոր դիակին լուսանկարը «տգեղ» է, եւ այն մտավախութիւնը ունի, որ ատոր հրապարակումը զգայնութիւններ կը գրգռէ:

Քառնի աւելցուց, որ Պըն Լատենի կինը, որ եմէնցի է, ամերիկացի զինուորներէն մէկը հրած է, ապա ոտքէն վիրաւորուած է, սակայն չէ սպաննուած:

Միւս կողմէ, ըստ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին սփռած մէկ զեկուցումին, փաքիստանեան ապահովական աղբիւր մը` վկայակոչելով Պըն Լատենի աղջիկը, յայտնած է, որ ան իր տան մէջ չէ սպաննուած, այլ հետագային` ձերբակալուելէ ետք: Ըստ տեղեկութեանց, անոր դէմ յարձակում գործած ամերիկեան մասնայատուկ ուժը երեք ամիս մարզումի ենթարկուած է` առանց իմանալու, թէ ո՛վ է ծրագրուած գործողութեան թիրախը:

Share this Article
CATEGORIES