Նիկոլ Յարութիւնով Քանի Մը Ամիս Ետք Պիտի Վերադառնայ Մրցասպարէզ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Նիկոլ Յարութիւնով մրցասպարէզ պիտի վերադառնայ մէջքի վիրաբուժութեան ենթարկուելէ եւ իր ստացած վնասուածքէն լաւապէս ապաքինելէ ետք միայն:

Հակառակ անոր որ ան աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ, սակայն 2012-ը, ան այդքան ալ յաջող չի նկատեր:

«Թէեւ աշխարհի ախոյեան հանդիսացայ, բայց ատիկա բաւարար չեմ գտներ: Ամէն ինչ այն ընթացքը չունեցաւ, ինչպէս որ ես կ՛ուզէի», ըսաւ ան:

Ան 2013-ին պիտի զբաղի ապաքինելով, իսկ մրցասպարէզ պիտի վերադառնայ 3-4 ամիս ետք:

Նշենք, որ ան իր վնասուածքը ստացած էր այս տարուան սկիզբը` փորձերու ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES